ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի կոչ ուղղեց Լիբանան գտնուող իր քաղաքացիներուն անմիջապէս լքելու երկիրը:
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զգուշացուց իր քաղաքացիները Պէյրութի հարաւային արուարձաններ այցելելէ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Վատիկան մտահոգ է Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու վտանգէն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի յայտնեց, որ Սուրիայէն Հըզպալլայի նահանջի որոշումը այդքան ալ դիւրին չէ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խզեց լիբանանեան օդային սահմանները եւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար եւ նախագահական թեկնածու մարաջախտ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է Եգիպտոսի դերակատարութիւնը` իբրեւ շրջանին մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցող երկիր:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Լիբանան վատ կացութեան մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պէտք է անմիջապէս մշակուի:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ կայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը առաջնահերթութեան վերածելու տրամադրութիւն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները կը փաստեն, թէ երկիրը հարուածող ահաբեկչական այս փոթորիկին հիմնական պատճառը Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւնն է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իսկական լուծումը կարելի է ապահովել Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելով:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ Պիր Հասանը թիրախ դարձուցած պայթումները կառավարութեան պատգամ մըն են, թէ կառավարութիւնը անկարող է երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:


