
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա չի կարծեր, որ Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ ճգնաժամային իրավիճակներուն կարգաւորումը Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ տարակարծութիւններ յառաջացուցած է:
«Միացեալ Նահանգներ չեն քննարկեր դժուարագոյն իրավիճակը` իբրեւ «պաղ պատերազմի» ժամանակներու ճատրակի տախտակ, որուն վրայ մենք կը մրցինք Ռուսիոյ հետ», ըսած է ան:
Մեկնաբանելով Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը` Օպամա նշած է, որ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի վարչակարգը պէտք է միացեալ կառավարութիւն ձեւաւորէ եւ ազատ ընտրութիւններ կայացնէ:
«Ուքրանիոյ մէջ զինադադարը կրնայ պահպանուիլ, սակայն կառավարութիւնը պէտք է առաջ շարժի` նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու եւ ազատ ընտրութիւններ կատարելու համար», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չորեքշաբթի օր մուտքի այցեգիրերու պատժամիջոցներ սահմանած են ուքրանացի քսան պաշտօնատարներու դէմ, որոնք ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ կը մեղադրուին մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ քաղաքական ճնշումներու յանցանքով:


