«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Դանիոյ իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարած են, որ կրօնական նպատակներով անասուններու սպանութիւնը Դանիոյ մէջ արգիլուած է, ինչ որ զայրացուցած է երկրին մէջ բնակող հրեաներն ու իսլամները:
Դանիոյ մէջ սահմանուած կարգով անասունները մորթուելէ առաջ յատուկ ներարկում կը ստանան, ինչ որ զանոնք զերծ կը պահէ հետագայ տանջանքներէն: Սակայն, ըստ հրէական ու իսլամական կանոններու, անասունը մորթուելու ժամանակ գիտակից պէտք է ըլլայ:
Մասնաւորաբար Դանիոյ գիւղատնտեսութեան ու պարէնի նախարար Տան Եորկենսեն նշած է, որ իրենք նախ եւ առաջ կարեւոր կը նկատեն անասուններու իրաւունքը, որ ըստ իշխանութիւններուն, կրօնէն առաջնահերթ է:
Նոր օրէնքի սահմանումը, որուն համար անասուններու իրաւունքներու բազմաթիւ պաշտպաններ պայքարած են տարիներ, հրեաներու կողմէ ընդունուած է իբրեւ հակասեմական, իսկ իսլամները զայն որակած են իբրեւ «կրօնական ազատութեան ոտնահարում»:
Դանիոյ մէջ բնակող հրէական եւ իսլամական համայնքներուն կարծիքով` երկրին իշխանութիւնները որեւէ օրէնք որդեգրելէ առաջ պէտք է հաշուի առնեն նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն կարծիքը:


