
Երէկ, չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Զալքայի «Նոազ արք» արուեստի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի` «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»-ի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն, արուեստագէտ, ակադեմական, սփիւռքահայ մտաւորական դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանի «Կեանքը ջրաներկերու հետ» («Լայֆ ուիտ ուոթըրքալըրզ») գեղարուեստական նկարազարդ գիրքին գինեձօնն ու արուեստագէտին գործերուն ցուցահանդէսը:
Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ` Էլիաս Աունի հովանաւորութեամբ կայացած այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Նոազ արք» ցուցասրահի տնօրէն եւ սեփականատէր, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեանի կողմէ: Գինեձօնի հանդիսութեան ներկաները ողջունեց Էլօ Հերկէլեան` անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ տեղեկութիւններ փոխանցելով ներկաներուն ցուցադրուող ջրաներկերու արուեստին մասին:
Ապա դոկտ. Մովսէս Հերկելեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով արուեստագէտ դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանը: «Ջրանկարչութեան արուեստը Լիբանան մուտք գործած է Եւրոպայէն եւ յատկապէս` Ֆրանսայէն», դիտել տուաւ Հերկելեան` թուելով այս արուեստի «վարպետներ»-ը, ինչպէս` Օմար Օնսի, Մուսթաֆա Ֆարրուխ, Ժորժ Միր, Ժորժ Սիր եւ յաջորդ սերունդէն Փոլ Կիրակոսեան, Ժան Խալիֆէ, Հասան Ժունի, Թորոս Տէր Յակոբեան եւ ուրիշներ, որոնք բոլորն ալ նախընտրած են ստեղծագործել նաեւ իւղաներկով: «Միայն դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանն է, որ կը ստեղծագործէ միայն ու միայն ջրանկարչութեամբ», ընդգծեց Հերկելեան` բարձր գնահատելով դոկտ. Արմէնեանի արուեստը: Դոկտ. Հերկելեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, հանդիսութեան հովանաւոր` Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունին եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին ու բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան:


Ապա ան խօսքը փոխանեց Էլիաս Աունին, որ ջերմօրէն ողջունեց արուեստասէրներու այս հանդիպումը` հակառակ երկրին դիմագրաւած ապահովական աննպաստ պայմաններուն: Ան դրուատեց արուեստագէտ Յարութիւն Արմէնեանի ստեղծագործական յատկանիշները` երկար կեցութիւն մաղթելով անոր Լիբանանի մէջ:
Այս առիթով Էլիաս Աուն ներկաներուն ուղղած իր խօսքին ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ին հետ իր ունեցած մտերմիկ զրոյցին ընդմէջէն իր հիացմունքը յայտնեց հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան նկատմամբ, որ հակառակ կեանքի դառնագոյն պայմաններուն` յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ արուեսի գործերուն նկատմամբ: Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան ներդրումը Լիբանանի զարգացման ու վերելքին մէջ` զանազան մարզերու մէջ: «Լիբանանցիք ուր որ ալ գտնուին կը սիրեն ստեղծագործել եւ ասիկա կ՛առնչուի նաեւ հայերուն, եւ մենք հպարտ ենք հայերուն ստեղծագործութիւններով, հայերը Լիբանանի այլազանութեան մէջ ներդաշնակութիւն ստեղծող համերաշխութեան խորհրդանիշ են», ընդգծեց Աուն` շնորհակալութիւն յայտնելով արուեստագէտ դոկտ. Արմէնեանին եւ դոկտ. Հերկելեանին, որ «նման առիթներով արուեստասէրները կը համախմբէ` ստեղծելով գեղեցիկ պահեր»:
Ապա խօսք առաւ դոկտ. Արմէնեան, որ նախ հայերէնով եւ ապա անգլերէնով իր խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին ու շատ մը բարեկամներու եւ ի մասնաւորի արուեստագէտ Սամիր Թապեթին: Ակադեմական ու արուեստի իր զոյգ ներաշխարհները ընդելուզած իր ջրանկարչական արուեստի փորձառութեամբ եւ առնչակից արուեստագէտներու կեանքի փիլիսոփայութենէն մէջբերումներ կատարելով դոկտ. Արմէնեան ներկաները պահ մը փոխադրեց արուեստի իր աշխարհը` անոնց փոխանցելով կեանքը ջրանկարչութեան ոսպնեակէն դիտելու եւ վայելելու հմայքը:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` բարձր գնահատելով դոկտ. Արմէնեանի արուեստը, որ «թէեւ սիրողականօրէն սկսաւ, բայց ինչպէս դոկտ. Հերկելեան հաստատեց` կատարելագործուած ձեւով ներկայացուց մեզի իր արուեստի ստեղծագործական արժանիքները»: Դրուատելով այս գծով դոկտ. Հերկելեանի` արուեստի կամրջումի դերակատարութիւնը, Շահէ սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն: Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօնը, որուն աւարտին հիւրասիրութեան առընթեր արուեստագէտ Արմէնեան ներկաներուն մակագրեց իր գիրքը:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 7 մարտ 2014, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:


