Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արցախեան Խորհուրդին Առանձնայատկութիւնը

February 18, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փետրուարեան խորհուրդները Վարդանանցէն սկսեալ, անցնելով ապստամբական իրադարձութիւնը հասնելու համար Սումկայիթ եւ Արցախեան ազատամարտ, պատմաքաղաքական ընդհանուր հիւսուածքի մը տարբեր բաժիններն են` ագուցուած իրարու  այս կամ այն պատմական տրամաբանութեան ուղիով:

Բոլորն ալ լինելութեան, գոյատեւման եւ ազգի շարունակականութեան ապահովման երաշխիքներուն կառչած մնալու հաւաքական կամքի դրսեւորումներն են, տարողութեան յստակ տարբերութիւններով անշուշտ:

Վարդանանց գաղափարախօսութիւնը կրօնին ու հաւատքին կառչած մնալու նոյն շարժառիթէն մեկնած էր. Արցախեան ազատամարտը կը յենէր ցեղային մաքրազտման չենթարկուելու համազգային որոշումէն, մինչ Սումկայիթը կը փաստէր, որ հայկական աշխարհի որեւէ անկիւն հակառակորդին համար թիրախ էր նոյն այդ  ցեղային մաքրազտումը իրականացնելու համար: Այս բոլորին մէջ ազատ, ինքնուրոյն եւ անկախ ապրելու համաժողովրդային պոռթկումն էր Փետրուարեան ապստամբութիւնը:

Հակահայ մոլուցքի միեւնոյն մղումն էր, որ 10 տարի առաջ վեր կը բարձրացնէր ազրպէյճանցի զինուորին ձեռքը  իր քունին մէջ սպաննելու համար հայ սպան:  10 տարիէն առաջ նոյնն էր Ազրպէյճանի քաղաքականութեան հետեւանքը, 10 տարի ետք կը մնայ նոյնը: Հայատեաց քաղաքականութեան շարունակութիւն, մարդասպանի հերոսացում, գիշերը ծրագրուած դաւադիր ներխուժումի գործողութիւն, ռազմատենչ հռետորաբանութիւն, ռազմական պիւտճէի ուռճացում, հրադադարի անվերջ խախտում: Ահաւասիկ նման  վարքագիծով Պաքուն կը փորձէ առաւելներ ապահովել արցախեան հակամարտութեան լուծման ճանապարհին` աւելիով բարդացնելով բանակցային գործընթացը եւ անվերջ հակադրուելով միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս միջնորդական առաքելութիւնը ստանձնած կողմերուն յստակեցուցած նորմերուն:

Այս պայմաններուն մէջ Պաքուէն յաւելեալ գիտակցութիւն ակնկալելը կը թուի, թէ իրատեսական չէ: Պաքուն փաստած է, որ ինք քաղաքակիրթ բանակցող կողմին վերապահուած արժէքներէն բաւական հեռու գտնուող միանձնեայ իշխանութեան վրայ կառուցուած պետութիւն է, որ ոչ միայն ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ու այլակարծութեան արժեչափերուն, այլ նաեւ ընդհանրապէս երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու մասնակից պետութիւն ըլլալու նախադրեալները չ՛ամբողջացներ:

Այս հանգամանքները կը ստիպեն հայկական կողմին հզօրացնելու ինքնապաշտպանութեան համակարգը: Մանաւանդ որ հակառակ յայտարարողական մակարդակին վրայ անվերջ խաղաղասիրական ելոյթներ բեմադրելուն, Անգարան եւս կը շարունակէ մեր երկիրը շրջափակած պահել` պատրուակելով արցախեան հանգոյցը: Թէեւ սահմանի բացման մասին շրջող բազմակողմանի լուրերը, անցակէտերու անմիջական տարածքներու ականազերծման աշխատանքներուն  մասին անվերջ յանկերգուող հաղորդագրութիւնները իբրեւ թէ կը նախապատրաստեն Անգարայի կողմէն առնուելիք խաղաղասիրական գործողութիւն մը:

Այո. փետրուարեան խորհուրդները փոխկապակցուած են. Տիզպոնն ալ օրին խաբկանքի եւ խաբէութեան դաւեր կը նիւթեր հայութեան կրօնափոխութիւնը ապահովելու համար, նախքան պատերազմի յայտարարութիւնը: Այդ օրերու իմիթացիոն (պատրանքային) գործողութիւններու կը ձեռնարկէր Յազկերտը: Այնպէս ինչպէս Տաւութօղլուի բեմադրած արարները: Համազասպին դէմ  թէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի դէմ բարձրացած կացիններուն ետին կը կանգնի հայատեացութեան եւ հայու ազատատենչ ոգիի չէզոքացման քաղաքականութիւնը: Կարելի է պատմականին եւ ժամանակակիցին մէջ նման զուգահեռներ շարունակել` ընդգծելու համար հակառակորդին մղումներն ու մեր հաւաքական կամքի եւ իբրեւ ազգ գոյատեւումը շարունակելու  դրսեւորման փաստերը:

Հիմնական առանձնայատկութիւն մը կ՛երեւի այս բոլորին մէջ: Վարդանանց պարագային մենք ստացանք յաղթանակին բարոյական երեսը: Անկախութեան կարճատեւ վերականգնումը ամրագրած Փետրուարեան ապստամբութիւնը յանգեցաւ հանրապետութեան կորուստին: Արցախի պարագային հայութիւնը կերտեց թէ բարոյականն ու թէ իրողականը. մանաւանդ  կերտեց երկրորդ անկախ հանրապետութիւնը:խագիծը ներկայացուցած է, որպէսզի ուսումնասիրեն, քննարկեն եւ յետոյ կրկին քննարկում ըլլայ:

Նախորդը

Ազգային Ժողովի Նախագահին Փոխանցուած Է Կազի Յանձնախումբի Ստեղծման ՀՅԴ-ի Նախագիծը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.