Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Կը Հետապնդէ Եւ Կը Բացայայտէ 240 Քիլոկրամ Պայթուցիկ Նիւթով Ականուած Այլ Ինքնաշարժ Մը

February 17, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

rav4_baalbekԵրէկ առաւօտեան լիբանանեան բանակը իրագործեց ապահովական այլ նուաճում մը, երբ Պաալպեքի Համ գիւղաքաղաքին մէջ բացայայտեց ականուած այլ ինքնաշարժ մը, որ Սուրիոյ Քալամուն գիւղաքաղաքէն անցած էր լիբանանեան հողեր եւ կ՛ուղղուէր դէպի Պէյրութ:

Պաալպեքի Համ գիւղաքաղաքին մէջ բանակը հետապնդեց եւ բախում ունեցաւ կասկածելի ինքնաշարժը վարողներուն հետ եւ կասեցուց ինքնաշարժը, որ «Թոյոթա – Ռաւ 4» տիպի արծաթագոյն ինքնաշարժ մըն էր:

Հետապնդումին իբրեւ հետեւանք զայն վարող անհատները բացատի մը մէջ լքեցին զայն ու փախուստ տուին:

Բանակի սակրաւորները ժամանեցին Համ եւ վնասազերծեցին ականուած ինքնաշարժը:

Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր պահանջեց ինքնաշարժը Համէն փոխադրել բանակի գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնը եւ այդ մասին հետաքննութիւն բանալ:

Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ականուած ինքնաշարժին մէջ բացայայտուած է 240 քիլոկրամ «Սեմթեքս» պայթուցիկ նիւթ, ինչպէս նաեւ 10 քիլոկրամ արագ բռնկող նիւթ մը:

Ինքնաշարժին մէջ գտնուած են նաեւ 122 միլլիմեթր տրամագիծ ունեցող թնդանօթի հրթիռներ, որոնք միացուած են պայթուցիչով մը, ժամացոյցով մը եւ անթել հաղորդակցութեամբ գործածուող հեռավարով:

Բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր նաեւ, որ ինքնաշարժին մէջէն գտնուած են բջիջային հեռաձայնի գործիքներ եւ թմրեցուցիչ դեղահատներ:

 

Նախորդը

Պըրրի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Քուէյթ

Յաջորդը

«Կառավարութեան Մաս Կազմելու Իմաստով Ոչ Ոք Վեթոյի Ենթարկած Ենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.