
«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի օր շարունակուած է Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ նախորդ տարի հայ կիներու դէմ կատարուած յարձակումներուն եւ անոնցմէ մէկուն մահուան համար մեղադրուող ազգութեամբ հայ Մուրատ Նազարեանի դատավարութիւնը:
Դատավարութեան ընթացքին Մուրատ Նազարեան յայտարարած է, որ ինք ոչ ոք սպաննած է:
Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 2-րդ դատարանին մէջ տեղի ունեցած նիստին մասնակցած են Մուրատ Նազարեան եւ սպաննուած Մարիձա Քիւչիւքի մերձաւորներն ու փաստաբանները:
«Ես ոչ ոք սպաննած եմ», ըսած է Մուրատ Նազարեան:
Վկայութիւն տուած է նաեւ Մարիձա Քիւչիւքի դուստրը` Պայծառ Միտիլլի: «Ան կ՛ըսէ, որ իրեն կը սպառնան: Ո՞վ, ինչո՞ւ կը սպառնայ: Զո՞վ կը պաշտպանես: Մօրմէս ի՞նչ ուզած էք», հարց տուած է ան:
Դատարանը որոշած է երկարաձգել Մուրատ Նազարեանը կալանքի տակ պահելու որոշումն ու դատական նիստը յետաձգել մինչեւ 12 մարտ:
Երբ նոր ձերբակալուած էր, Նազարեան յայտարարած էր, որ զինք ձերբակալած են, ուրեմն ինք մեղաւոր է: Կ՛ենթադրուէր, որ Մուրատ Նազարեան հոգեկան խնդիրներ ունի:


