Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուա Փորձած Է Խանգարել Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Մասին Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը» Ըսաւ Վրաստանի Վարչապետը

February 14, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իրաքի Ղարիպաշվիլի
Իրաքի Ղարիպաշվիլի

«Կրուզիա օնլայն»` յղում կատարելով Վրաստանի վարչապետի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի ֆրանսական «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին  յայտնած է, որ անկախութիւն ձեռք բերելէ ետք Վրաստանը արդէն 20 տարիէ ի վեր կը ձգտի դէպի Եւրոպա:

Իրաքլի Ղարիպաշվիլի կարեւոր իրադարձութիւն նկատած է Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրի նախաստորագրումը, որ տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 2013-ին` Վիլնիւսի վեհաժողովի ծիրին մէջ:

«Մեր երկրին համար ատիկա շատ կարեւոր պահ էր, որովհետեւ պատմականօրէն մենք ընտրած ենք Եւրոպան, եւ անկախութիւն ձեռք բերելէ ետք մենք արդէն 20 տարիէ ի վեր կը ձգտինք դէպի Եւրոպա: Ինչպէս ես արդէն ըսած եմ, մենք արդէն նախաստորագրած ենք Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը, եւ հաւանաբար, ատիկա պիտի ստորագրուի օգոստոսին կամ սեպտեմբերին: Կ՛ուզեմ նաեւ նշել, որ Վրաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հաւանութիւն կու տայ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան», յայտարարած է Վրաստանի վարչապետը:

Ըստ Ղարիպաշվիլիի, Մոսկուա փորձած է խանգարել Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրի նախաստորագրումը, սակայն չէ յաջողած:

«Այժմ ես պիտի բացատրեմ, թէ ինչու: Ուքրանիան բոլորովին այլ պատմութիւն է, ինչպէս նաեւ Հայաստանը: Ռուսիան Վրաստանի մէջ  չունի շատ լծակներ, որոնց օգնութեամբ կրնայ ճնշում գործադրել Եւրոպական Միութեան հետ համարկման հարցին մէջ Վրաստանի որոշումին վրայ», նշած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Անգարայի Մէջ Բողոքի Ցոյց

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.