Հայաստանի Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեցին դռնփակ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին եւ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը:
Խմբակցութիւններէն իւրաքանչիւրը ներկայացուց այդ հարցին անդրադառնալու իր նախագիծը: Ամենայն հաւանականութեամբ, Ազգային ժողովի 24-էն 27 փետրուարի քառօրեային ընթացքին այս խմբակցութիւնները` ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը, պիտի ներկայացնեն որոշման մէկ միասնական նախագիծ, որ քառօրեայի օրակարգին մէջ պիտի ընդգրկուի իբրեւ պարտադիր եւ ըստ անհրաժեշտութեան քննարկուող հարց:
Խմբակցութիւնները անոր համար կը նախաձեռնեն ստորագրահաւաք եւ 44 ստորագրութիւն ունենալով, ըստ Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին, նախագիծը կը դառնայ քննարկման առարկայ նիստերու սրահին մէջ:
Երկու-երեք օր ետք խմբակցութիւնները կը նախատեսեն ներկայացնել այդ միասնական նախագիծը:


