«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Խորհրդարանի բարոյագիտութեան յանձնախումբը մտադիր է քննել շարք մը օրէնսդիրներու վերաբերող հարցը: Գոյութիւն ունի այն կասկածը, որ նշեալ երեսփոխանները հոկտեմբեր 2013-ի ընտրութիւններուն ժամանակ դիտորդական առաքելութիւն կատարելու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ կաշառուած են:
Օրէնսդիրներու շարքին կան երեսփոխաններ Էսթոնիայէն, Լեհաստանէն, Պուլկարիայէն, Խրուաթիայէն, Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Ֆինլանտայէն եւ Սլովենիայէն: Անոնք բոլորը անցեալ տարուան հոկտեմբերին Ազրպէյճանի մէջ մաս կազմած են ընտրութիւններուն հետեւող դիտորդական առաքելութեան: Սակայն «մոռցած են» տեղեակ պահել խորհրդարանը, որ զիրենք հրաւիրած է Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, եւ Եւրոպական Խորհրդարանի կանոնակարգի համաձայն, ուղեւորութեան մասին չեն ծանուցած իրենց կայքին վրայ:
Խորհրդարանի խորհրդատուական յանձնախումբը, որ կը հետեւի երեսփոխաններու կողմէ բարոյագիտական կանոններու պահպանման, պիտի քննէ եօթը երեսփոխաններու հետ կապուած գործերը եւ անոնց դէմ պատիժներ սահմանէ:
Բարոյագիտութեան յանձնախումբի ուշադրութեան արժանացած է նաեւ այն հարցը, թէ արդեօք օրէնսդիրները վճարուած ուղեւորութեան կողքին վարձատրուա՞ծ են առաքելութեան իրականացման համար:
Իր առաքելութեան աւարտին երեսփոխաններու խումբը հրապարակած էր զեկուցում մը, որուն մէջ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները բնութագրած էր իբրեւ «ազատ եւ արդար»: Անոնց գնահատականը արմատապէս տարբեր էր ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցած զեկուցումէն: Վերջինս նշեալ ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած էր «լուրջ խնդիրներ»` կապուած խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան հետ:


