Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ազդեցիկ «Շիքակօ Թրիպիուն» ամսագիրը հրապարակած է յօդուած մը, Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպական ողիմպիական խաղերուն մասին:
Յօդուածին մէջ կ՛ըսուի, որ 2015-ին Եւրոպական խաղերը կրնան օգնել Ազրպէյճանի, որ 2024-ի ողիմպիական խաղերը Պաքուի մէջ հիւրընկալելու դիմում ներկայացնէ:
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճան պիտի դառնայ կայացման վայրը եւրոպական խաղերուն, որոնց ծրագիրին մէջ, բացի ողիմպիական լողէն եւ հեծելարշաւէն, ընդգրկուած պիտի ըլլան նաեւ մարզական նոր տեսակներ, օրինակ` լողափի ֆութպոլ եւ պասքեթպոլ 3×3:
«Այդ ամէնը մեծ փորձառութիւն պիտի տայ Ազրպէյճանի, եւ երկիրը վստահօրէն պիտի կարենայ ողիմպիական խաղերը կազմակերպելու դիմում ներկայացնել», կը նշուի յօդուածին մէջ:


