Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 10 ՄԱՐՏ 1961 )

March 10, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԺԻՒՆԻԷԻ ՄԷՋ

(ՍԵՓ. ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի)

Ժիւնիէ Պէյրութէն ինքնաշարժով կէս ժամ հեռաւորութեամբ գիւղաքաղաք մըն է, ուր հայեր հաստատուած են 1920-էն ի վեր եւ ունեցած են խաղաղ ու բարեկեցիկ կեանք մը: Հակառակ այն իրողութեան, որ անոնց մեծամասնութեամբ կը կազմեն միջին եւ չքաւոր դասակարգ մը, սակայն անոնց մէջ վառ կը մնայ ազգային գիտակցութիւնը, եւ յարատեւօրէն գիտակցած են պահել ու տէր կանգնիլ հայ եկեղեցիին եւ հայ դպրոցին:

Վերջին տասնամեակին կարգ մը ազգայիններու անխոնջ եւ տենդագին ջանքերով գաղութը կրցած է նաեւ տէր դառնալ սեփական ազգային հողի մը որուն վրայ 1946-ին շինուած է «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան վարժարանն ու փոքր եկեղեցի մը, «Կիւլապի Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան բարերարութեամբ եւ նաեւ` կարգ մը ազգայիններու նուիրատուութեամբ:

Բայց դժբախտաբար վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, ինչպէս ամէնուրեք, այստեղ եւս ի յայտ եկան վէճ եւ պայքար` եկեղեցի եւ դպրոցի շուրջ, որոնք անկասկած վնասեցին գաղութիս ներքին խաղաղ կեանքին: Այս անպէտք եւ վնասակար պառակտումն ու բաժանումը հրահրողն եղաւ հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը: Անոնք փոխանակ թիկունք կանգնելու ազգային իշխանութիւններուն եւ կրթական ու թաղական մարմիններուն եւ նպաստելու տեղւոյս նորաշէն եկեղեցիի եւ վարժարանի վերելքին` աշխատեցան քայքայել ամէն ինչ, ազգային եկեղեցիի, դպրոց եւ ազգային համերաշխութիւնը:  Անոնք ի զուր ջանացին խաբել եւ մոլորեցնել ժողովուրդին մէկ հատուածը, որ տարուած սուտերու կեղծ խոստումներէ` ժամանակաւորապէս վտանգեցին տեղւոյս վարժարանը, որ սահմանուած է հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութեան:

Բայց ուրախ ենք յայտարարելու, որ Ժիւնիէի հայութեան մեծամասնութիւնը ճանչցած է ազգային մարմիններու օրինականութիւնը եւ կրկին տէր կը կանգնի իր գոյութեան հիմնաքարը կազմող ազդակներուն պահպանման:

Այժմ Ժիւնիէի պատուարժան թաղական խորհուրդը, գիտակից` իր բարձր կոչումին, կը ջանայ ամէն գնով բարեկարգել եւ բարեզարդել դպրոցն ու եկեղեցին: Այս նպատակին համար այս տարի վարժարանը օժտած է նոր ուսուցիչներով: Գաղութիս հայ օգնութեան խաչը, ինչպէս միշտ, նոյնպէս ներկայիս սկսած է բերել իր բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը, «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան» վարժարանին եւ եկեղեցիին: Ան կը պահէ 4 սաներ` վարժարանի մէջ:

Կը լսենք նաեւ, որ պատուարժան թաղական խորհուրդն ու կարգ մը ազգայիններ, ի գին ամէն զոհողութեան, կը ջանան բարեզարդել նորաշէն եկեղեցին: Պէյրութի ժրաջան առաջնորդ  Խորէն սրբազան Բարոյեան անձամբ այցելած է գաղութս եւ խոստացած` իր օժանդակութիւնն ու նպաստը բերել եկեղեցին, խորանով մը օժտելու եւ մօտ օրէն եկեղեցիի օծումը կատարելու համար:

Կը լսենք նաեւ, որ թաղական խորհուրդը սկսած է նախնական աշխատանքներու եւ ապահոված գաղութիս կարգ մը ազգայիններէն նիւթական նպաստ եւ օժանդակութիւն` եկեղեցիի բարեզարդման համար:

Այս առիթով կը գնահատենք ազգային իշխանութիւններուն եւ տեղւոյս թաղական խորհուրդին ժրաջան գործունէութիւնը եւ կը թելադրենք ամէն հայու` բերել իր սիրայօժար մասնակցութեամբ:

 ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

ԴԷՊԻ ՆԱԽԱՆՁԵԼԻ ԱՍՊԱՐԷԶԻ ՁԳՏՈՒՄ

Յաջորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ . ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ` ԼԵՄԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.