Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԲՐԱՀԱՄ ՄԱԹՈՍԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ՅԱՐԳԱՆՔ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ԲԱՐՁՐ ՊԱՀՈՂԻ ՄԸ

June 25, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աբրահամ Մաթոսեան

Ահաւասիկ քառասուն օրեր անցան Աբրահամ Մաթոսեանի մահուան գուժէն եւ վաղը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիին մէջ պիտի նշուի իր քառասունքը:

Աբրահամ Մաթոսեան այն բացառիկ հայորդիներէն էր, որ երկար ժամանակ փայլեցաւ լիբանանեան տնտեսական շրջանակներու մէջ: Ան միակ հայն էր լիբանանեան տնտեսական մարմիններու վարչութեան մէջ` որպէս նախագահ լիբանանեան ապահովագրութեան ընկերութիւններու:

Աբրահամ Մաթոսեան ծնած է 3 դեկտեմբեր 1946-ին Պէյրութ: Զաւակն է Հրանուշ Ալտըրմըշեանի եւ Իսկանտար Մաթոսեանի, որ կահոյքի գործարանի մը տէրն էր:

Ան յաճախած է «Սան Քէօր» քոլեճը եւ ստացած է Աւագ հաշուապահի վկայական:

Աբրահամ Մաթոսեան 1968-ին ամուսնանալով Լենա Կարապետեանի հետ ունեցած է չորս զաւակ` Ալեքսանտր, Մարիզ, Սիլվա եւ Ճորճ:

Քսան տարեկանին նետուած է գործի ասպարէզ` աշխատելով ապահովագրական զանազան ընկերութիւններու մէջ, սկսելով որպէս գրագիր: Յարատեւ եւ անխոնջ աշխատանքով 1983-ին հասած է ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին «Մաշրեք» ապահովագրական ընկերութեան մէջ:

Ապա նախագահած է «Մաշրեք» ընկերութիւնը եւ զանազան ապահովագրական ընկերութիւններ` Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի մէջ:

Իր ջանքերով «Մաշրեք» ապահովագրական ընկերութիւնը դարձած է Լիբանանի գլխաւոր ընկերութիւններէն մէկը` ունենալով 120 պաշտօնեայ եւ զանազան մասնաճիւղեր նաեւ Լիբանանէն դուրս` որպէս քոյր ընկերութիւններ եւ գործընկերներ:

Քառասուն տարուան իր փորձառութիւնը ի սպաս դրած էր յաճախորդներուն եւ տարուէ տարի հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու հասցուցած էր «Մաշրեք» ընկերութեան գործառնութիւնները:

Տարիներէ ի վեր վարելէ ետք Լիբանանի ապահովագրական ընկերութիւններու նախագահի պաշտօնը, զինք ընտրեցին նաեւ Միջերկրական ապահովագրական ընկերակցութիւններու միութեան, ամբողջ արաբական աշխարհի ապահովագրական ընկերութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ:

Աբրահամ Մաթոսեան իր ծառայութիւնը բերած է նաեւ տնտեսական տարբեր ընկերակցութիւններու մէջ: Եղած է Սուրիական-լիբանանեան գործարարներու խորհուրդի վարչութեան անդամ: Ապա հիմնադիր անդամ եւ քարտուղար հայ գործարարներու լիբանանեան համախմբումին: Վարչական անդամ էր լիբանանեան պետական ապահովագրութեան խորհուրդին, միջազգային առեւտուրի Լիբանանի պալատին, անդամ լիբանանեան ազգային զբօսաշրջութեան խորհուրդին, Պէյրութի քաղաքապետութեան խորհուրդին` 1996-էն 2010: Անդամ էր Լիբանանեան-ամերիկեան առեւտուրի պալատին, լիբանանեան հաշուապահութեան եւ հաշուեքննութեան ազգային խորհուրդին, Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին, որ ճշդուած էր Թաէֆի համաձայնութեամբ:

Աբրահամ Մաթոսեան տարիներէ ի վեր կը տառապէր քաղցկեղի հիւանդութենէն: Հակառակ իր բոլոր ջանքերուն եւ ամենաբարձրորակ բժշկական խնամքին, չկրցաւ յաղթահարել այս հիւանդութիւնը եւ դեռ մահկանացուն կնքելէն քանի մը օր առաջ բժիշկները մեծ յոյս տուին իրեն, երբ առողջական վիճակը խիստ բարելաւուած էր:

Դեռ կեանքը ուրիշ կատակ մըն ալ պիտի ընէր, երբ միայն մէկ օր առաջ կրկին ընտրուեցաւ Լիբանանեան ապահովագրական ընկերութեանց նախագահ յաջորդող չորս տարիներուն համար:

Ա. Մաթոսեան եղաւ յարատեւ բարերար Լիբանանի մէջ գործող հայկական միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու:

Հանգիստ իր ոսկորներուն:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Նախորդը

ՀՄԸՄ-Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆՇՈՒՄ

Յաջորդը

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ԳԱՀԸ. ՁՕՆ` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ, ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 16-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։