Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նոր Բանաձեւը Աշխուժօրէն Շրջանառութեան Մէջ Կը Դրուի Քոնկրեսին Մէջ

February 6, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

US-CongressՀայ դատի Ամերիկայի արեւելեան շրջանի յանձնախումբը մեծ աշխատանք կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան» բանաձեւի քննարկման եւ յառաջ մղումին ուղղութեամբ:

Յղում կատարելով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործիչ Ճոզեֆ Քազազեանի յօդուածին` «Արմէն Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նոր բանաձեւին սատարող քոնկրեսականներուն թիւը հետզհետէ կ՛աճի: Բանաձեւը ներկայացնելէն ի վեր ամերիկահայութիւնը ամբողջ երկրով մէկ պարբերաբար կոչեր ուղղած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներուն` միանալու եւ սատարելու բանաձեւին, որ նախագահ Օպամային կը յորդորէ պետութեան ղեկավարի մակարդակով վերահաստատել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

«Ասիկա դարաւոր հարցի այլընտրանքային մօտեցում է: Պէտք է միայն, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերաճանչցուի Օպամայի վարչակազմին կողմէ: Առանց 1.5 միլիոն հայերու զանգուածային կոտորածին մասին յստակ եւ արդարացի բանաձեւին` հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ երկարատեւ խաղաղութիւնը գրեթէ անկարելի է», ըսաւ Ամերիկայի Հայ դատի արեւելեան շրջանի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեան:

Բաղդատմամբ անցեալին ներկայացուած բանաձեւերուն` քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի, Տէյվիտ Վալատաոյի, Մայքլ Կրիմի եւ Ֆրենք Փալոնի միասնաբար ներկայացուցած այս նոր փաստաթուղթը կոչ կ՛ուղղէ Օպամայի վարչակազմին վերահաստատելու, որ անցեալին Միացեալ Նահանգներ արդէն ճանչցած են 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը` իբրեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման խթանման նախապայման: Անիկա առաջ կը քաշէ ուիլսընեան վարչակազմի կատարած յայտարարութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Նախորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

Յաջորդը

Փարիզի Քաղաքապետութեան Թեկնածու Անն Հիթալքօ Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.