Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1964)

February 6, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քաջութեամբ Միայն Մեռնինք»…

Աւարայրի Դիւցազնամարտին Առիթով

 

Հազար հինգ հարիւր տասներեք տարիներ առաջ Վարդանանց Աւարայրի դիւցազնամարտի ուխտը եւ նշանաբանը եղաւ «Քաջութեամբ միայն մեռնինք»-ը, նաեւ` «Մէկ սիրտ ու մէկ հոգի»-ի սկզբունքը: Եւ իրաւամբ, հերոսական քաջութեամբ պատերազմեցան Վարդանանք: Վարդան Մամիկոնեան տեղեակ էր այն վարանումներուն, որ Վասակ Սիւնի ունէր թէ՛ կեղծ ուրացումներու ատեն եւ վերջը եւ թէ՛ հայոց մարզպանին երկդիմի քաղաքականութեան:

Որքան որ Վարդան անշահախնդրութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ անձնուիրութեամբ հայրենիքի գերագոյն շահերուն եւ անկախութեան մասին կը մտածէր եւ կը ծրագրէր, Վասակ իր մարզպանի հանգամանքով թագի եւ պարծանքի նպատակներ կը հետապնդէր: Այդ սին նպատակին հասնելու համար միջոցներու մէջ խտրութիւն չէր դներ:

Վասակ, իր բոլոր ճիգերով, յայտնի կամ անյայտ, կը ջանար սպարապետ Վարդանի ազդեցութիւնը եւ հմայքը նսեմացնել եւ ատեն մը այդ նպատակին հասած էր կարծես:

Վարդանը աղուանից եւ հոնաց դէմ պատերազմի ղրկելով` ան կը յուսար, որ Վարդան ա՛լ Հայաստան չէր վերադառնար: Աստուածային տնօրինութեամբ, երբ Վարդան Հայաստան կը վերադառնար յաղթական, պատգամաւորութիւն մը կու գայ տեղեկացնելու սպարապետին, թէ Վասակ ստեց ուխտին եւ նենգութեամբ դրժեց Աւետարանի վրայ ըրած երդումը, իր համախոհներով ապստամբեցաւ միաբանութեան դէմ եւ դեսպան ուղարկեց Պարսկաստան եւ նամակներով ուխտագիր եղաւ անոր հետ:

Սկզբնական շրջանին այս ծանր հարուածը սպարապետ Վարդանը չյուսահատեցուց, այլ միայն տրտմեցուց:

Վարդան Մամիկոնեան զեկոյցով մը կոչ ըրաւ բանակին, որ մնայ արթուն ու անխռով եւ աճապարէ բոլորուիլ իր շուրջը` սպասելով վճռական ժամուն:

Այդ վճռական ժամը չուշացաւ, երբ տեսաւ իր շուրջը եկեղեցական դասը: Ղեւոնդ երէցով, Յովսէփ կաթողիկոսով եւ անհամար հոգեւորականներով, ուխտապահ զինուորներով: Նոյնիսկ փափկասուն տիկիններ եկան եւ իրենց վերջին ուխտին եւ հաղորդութեան ներկայ եղան իրենց քաջալերիչ խօսքերով եւ մաղթանքներով:

Անոնք այդ պահուն մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի եղած էին: Զիրենք կ՛առաջնորդէր տեսիլքը: Տեսիլքը իրենց հաստատակամութեան, վճռակամութեան, հայրենասիրութեան եւ անձնուիրութեան:

Անոնց այս կեցուածքին մէջ լսեցին Ղեւոնդ Երէցին ճառը: «Բաց աչքերով կը տեսնէին երկնաւոր լոյսը»:

Վարդան իր ճառին մէջ ըսաւ. «Աւելի յաղթած ենք, եւ քիչ անգամ պարտուած: Չվախնանք թշնամի բանակին ստուարութենէն, ոչ ալ թիկունք դարձնենք մահկանացուի սուրին»:

«Երկիւղը նշան է թերահաւատութեան: Մենք վաղուց հեռացուցինք մեր մէջէն թերահաւատութիւնը: Անոր հետ երկիւղն ալ պէտք է փախչի մեր մտքերէն ու խորհուրդներէն: Հիմա զինուորին եւ ժողովուրդին ձայնն է:

«Թող մեր մահը հաւասարի արդարներու մահուան, եւ մեր արիւնի հեղումը` մարտիրոսներու արիւնին: Թող հաճութեամբ Աստուած ընդունի մեր այս կամաւոր պատարագը եւ թող չմատնէ իր եկեղեցին հեթանոսներու ձեռքը»:

Հոս եւս տխրութեամբ պիտի ըսենք, որ Վասակ կը շարունակէր իր երկդիմի ընթացքը` նենգ քաղաքականութեամբ: Ի վերջոյ դարձաւ իր ազգակիցներու անվստահութեան եւ անէծքին առարկայ` իր վրայ հրաւիրելով նաեւ պարսիկ արքունիքի ատելութիւնը, զոր կը կարծէր մոլորեցնել եւ սիրաշահիլ` յաջողցնելու համար իր նենգ ծրագիրը:

Որքան որ Վարդան ստուգած էր Մուշկան Նիւսալաւուրդի պարսկական ճակատը, որ Տղմուտի աջ ափին վրայ իր 300,000 հաշուող բանակով տեղաւորուած էր, եւ որքան որ գիտակ էր ուժին անհամեմատութեանը, չվարանեցաւ մտնելու ճակատամարտին մէջ: Իր դասաւորած գունդերուն կը վստահէր: Կը վստահէր Աստուծոյ: Կը վստահէր եկեղեցական խումբին, որոնց առաջնորդն էր Աւարայրի Արծիւը` Ղեւոնդ Երէց, հայոց կաթողիկոսը` Յովսէփ Հողոցմեցին եւ խումբը, եւ չսխալեցաւ: Ճիշդ է, որ Վարդան Մամիկոնեան ինկաւ այս ահեղ ճակատամարտին մէջ, բայց իր բանակին քաջութիւնը եւ վճռակամութիւնը սարսափեցուցած էին պարսիկ բանակը:

Թշնամին նահանջեց իր ծրագիրներուն մէջ, յետս կոչեց հայոց հետ կռուելով յաղթելու միտքը: Փրկուեցան հայ ազգը եւ Հայաստանեայց եկեղեցին: Օրինակ հանդիսացաւ այս ճակատամարտը դարերու ընթացքին: Ազգային անխառն յուզումով, հպարտանքով, հրճուանքով եւ նաեւ ուրախութեամբ տարուէ տարի կը տօնենք Վարդանանցը` ուխտ ընելով հետեւիլ Վարդանանց օրինակին:

ԽՈՐԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՃԵՄԵԱՆ

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նորաձեւութեան Աշխարհէն. Փողոցային Նորաձեւութիւն Կամ` Սթրիթ Ֆեշըն

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.