
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի խորհրդականներէն Ահմետ Պաալպեքի:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ռումանիոյ արտերկրի ռումանացիներու հարցերու նախարար Քրիսթիան Տէյվիտը, որուն ընկերակցեցաւ ռումանական պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպանը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ եւ Լիբանանի խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժար:


