Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անգարայի Ձեռագիրն Ու Օճալանի Ստորագրութիւնը

February 4, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱԿ-ի արգելափակեալ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի նամակը, ուղղուած` հայ ժողովուրդին, պարզագոյն բանաձեւումով խառն ուղերձներ (միքստ մեսեճըզ) կը փոխանցէ ընթերցողին:

Նախ կարելի չէ անտեսել այն երեւոյթը, որ միեւնոյն կուսակցութեան ղեկավարներէն Պեսէ Հոզաթ հայկական լոպին մեղադրած էր Թուրքիոյ ուրուական պետութիւններէն մէկը ըլլալու յանցանքով, որուն հերքումի ձեւով մեկնաբանուեցաւ Օճալանի նամակը: Խառն ուղերձի տրամաբանութեան մէջ կ՛իյնայ սկսելու համար նամակի այն բաժինը, ուր քիւրտ ղեկավարը հայ ժողովուրդին  համեստաբար կ՛առաջարկէր, որ առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը` հեռու մնալով «մեր ժողովուրդները տակաւին դարեր շարունակ իրարու թշնամացնել նպատակադրող միջազգային դրամատէր ուժերու եւ լոպիներու չարամտութենէն»: Եւ եթէ նամակի բովանդակութեան բնութագիրը ընդհանուր առումով խառն պատգամներով կարելի է բնորոշել, ապա այստեղ արդէն գրեթէ միանշանակ կը դառնայ հայութեան պայքարը ապալոպիիստականացնելու կոչը:

Այս պարզապէս ենթադրել կու տայ, որ Օճալանի նամակը ոչ թէ անպայման կը հերքէ իր քաղաքական դիւանի անդամին ամբաստանութիւնը, այլ պարզապէս կը փոխէ բուն ըսուելիքին ոճը:

Պարզ է, որ ըստ էութեան Օճալան ցեղասպանութիւնը ճանչնալով հանդերձ, իր արգելարանէն պիտի չխօսէր հատուցման կամ հիմնական առաջադրանքին Արեւմտահայաստանի մասին: Առաջադրանքը, ի վերջոյ, հակադրամատիրական պայքարի համահունչ բառապաշարի լիարժէք օգտագործումով  Անատոլուի շրջանին մէջ տարբեր ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնն է: Մնացեալը, վիշտ, ցաւ, Ցեղասպանութիւն նոյնիսկ` դատապարտանքի ոլորտներուն մէջ մնալու յղացքային տեսութիւններ են, որոնք բնականաբար պիտի չհատեն Թուրքիոյ մասնատումին առաջնորդող ուղիներու սահմանները:

Ակնկալելը, որ «Արեւմտահայաստան» բառը ձեւով մը տեղ գտած ըլլար Օճալանի նամակին մէջ, քաղաքականօրէն իրատեսական պիտի չըլլար, մանաւանդ որ Քիւրտիստան բառն անգամ տեղ չունի այս գրութեան մէջ: Անգամ մը եւս կ՛ընդգծուի, որ ընդհանուր առաջադրանքը Անատոլուի մէջ հայերու, քիւրտերու, թուրքերու եւ այլազգիներու խաղաղ համագոյակցութիւնն է:

Առաջադրանքային այս տեսութիւնը  հեռու չէ Անգարայի կիրարկած քաղաքականութենէն: Ցեղասպանութիւն բառը պէտք չէ հեռացնէ ընթերցողը Անգարայի քաղաքականութեան տեսադաշտէն: Հրանդ Տինքի սպանութեան դատապարտանքն ու անոր յիշատակի ոգեկոչումը եւս հեռու չեն Թուրքիոյ պաշտօնական յայտարարութիւններուն բովանդակութենէն:

Այս նամակը Տինքի սպանութեան առիթով հրապարակելի էր: Անոր հրապարակման շուրջ երկշաբաթեայ ուշացումը արագօրէն մտածել կու տայ գրաքննութեան  մասին: Պետական կիսաարհեստավարժութեան մասին  է խօսքը թերեւս: Իշխանութիւնները կրնային ամէն ինչ բանաձեւել, յետոյ հրապարակել: Ուշացումը ինքնին, արտօնութիւն տալու-չտալու խաղին ծառայեցուող երեւոյթ իբրեւ կրնայ մեկնաբանուիլ, ստեղծելով այն խաբկանքը, որ որոշ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք է միայն, որ նամակը յայտնուած է հանրութեան ուշադրութեան:

Արգելափակուած Օճալանը պատանդի կարգավիճակի մէջ է` Անգարայի ցուցմունքներով հեռակառավարելու քրտական շարժումները: Անգարան փորձ կը կատարէ, նոյն հանգամանքին օգտագործումով, հայկական կողմին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու: Անգարայի ձեռագիրին տակ ստորագրած է Օճալանը: Թէկուզ Ցեղասպանութեան մասին խօսելով:

«Ա.»

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Երկու Համանախագահները Պաքու Այցելեցին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.