Երկուշաբթի, 3 փետրուար 2014-ի առաւօտեան Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հըզպալլայի քաղաքական դիւանի ներկայացուցիչները: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու Սուրիոյ եւ յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր:


