Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Որոտանը Վաճառելու Համար Քրէական Պատասխանատուութիւն Կայ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

February 3, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արծուիկ Մինասեան
Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ ամերիկեան «Քոնթուր կլոպըլ հիտրոքասքատ» ընկերութեան «Որոտան ջրելեկտրակայաններու համալիր» փակ բաժնետիրական ընկերութեան վաճառքը կատարուած է Սահմանադրութեան եւ Հայաստանի օրէնքներու շրջանցումով:

Դաշնակցական պատգամաւորը ի գիտութիւն Կառավարութեան եւ մասնաւորաբար ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան յայտարարեց, որ, ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ, որ անոր համար կայ համապատասխան քրէական պատասխանատուութիւն:

«Այդ նիւթով ես կառավարութեան ունիմ բազմաթիւ հարցումներ, որոնց տրուած պատասխանները այսօր արդէն կը հերքեն փաստերը: Մէկ անգամ հարցուցի` առանց սեփականաշնորհման ցանկին մէջ ընդգրկելու ո՞վ իրաւունք վերապահած է ծախել: Պատասխան տրուեցաւ, որ վաճառքի մասին խօսք չկայ, ընդամէնը բանակցութիւններ են: Երկրորդ անգամ հարցուցի, թէ ինչո՞ւ հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբը կը քննարկէ վաճառքի մասին համաձայնութեան հարցը: Նորէն տրուեցաւ պատասխան, որ չկայ այսպիսի բան, մենք ընդամէնը նախնական համաձայնութիւն կը փորձենք ստանալ», նշեց Արծուիկ Մինասեան:

Իսկ արդէն վերջին գործողութեամբ, ըստ Մինասեանի, կը շրջանցուին Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները: «Սահմանադրութեան համաձայն, կառավարութիւնը իրաւունք ունի կառավարելու պետական սեփականութիւնը, բայց ոչ թէ տնօրինելու: Տնօրինման բացառիկ իրաւունքը վերապահուած է օրէնսդիր մարմինին, եւ քանի տակաւին այսպիսի համաձայնագիրներ Ազգային ժողով չեն բերուած, չեն կրնար օրինական ուժ ստանալ, առաւել եւս, երբ խօսքը կը վերաբերի ծրագիրէն հանուած վաճառքին մասին», ընդգծեց ան եւ աւելցուց, թէ ասիկա գործարք է, որուն մանրամասնութիւնները Ազգային ժողովին մէջ միանշանակ պէտք է քննարկման առարկայ դառնան, ինչպէս նաեւ քննուին կառավարութեան լիազօրութիւններու, իրաւասութիւններու եւ մասնագիտական գնահատականներու հարցերը, ինչպէս նաեւ գինը եւ վաճառքի փակ ընթացքը:

Ինչ կը վերաբերի անոր, որ գնողները այս անգամ ոչ թէ ռուսերն են, այլ ամերիկացիները, Արծուիկ Մինասեան նշեց, թէ իրեն համար տուեալ պարագային սեփականատէրը այդքան կարեւոր չէ, որքան իրականացման ձեւն ու նպատակադրումը: «Ի վերջոյ, չմոռնանք, որ Որոտանը 405 մեկաուաթ հզօրութեամբ ջրելեկտրակայաններու համակարգ է, որ գրեթէ կէս հիւլէական կայան է, եւ պետական այդ հսկայական սեփականութիւնը օտարներուն ծախելու, մասնաւորեցնելու համար յստակ նպատակ պէտք է, եւ ասիկա պէտք է դիտարկել Հայաստանի ուժանիւթի ապահովութեան մաս», նշեց ան:

Իսկ թէ որքանո՛վ օրինական են կառավարութեան եւ տուեալ պարագային ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան գործողութիւնները, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, ուշ կամ կանուխ կը բացայայտուի: «Ի վերջոյ, չմոռնանք, որ անոր համար կայ համապատասխան քրէական պատասխանատուութիւն` անարդիւնաւէտ գործարքի եւ օրէնքներու պահանջներու խախտմամբ ձեռք բերուած խախտումով իրականացման համար», ընդգծեց Արծուիկ Մինասեան:

 

 

Նախորդը

Կիւլ Դարձեալ Կը Խօսի 1915-ի Նախօրեակին Թուրքիոյ Գործողութիւններուն Մասին

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Դրամաշնորհին Մեծ Մասը Պիտի Յատկացուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ուղղուած Ծրագիրներու

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.