Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Փետրուար 1964)

February 3, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահակ Եպս. Արքութեան Եւ Ներսէս Վրդ.
Ծայրագունութեան Տիտղոսներուն Արժանացան

Երէկ` կիրակի 2 փետրուար 1964, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ստուար թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ:

Պատարագեց յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոս:

«Հայր Մեր»-էն առաջ, Իրանա-Հնդկաստանի Հայոց առաջնորդ Ներսէս վրդ. Բախտիկեան ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացաւ` ձեռամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:

Ձեռնադրութենէն ետք վեհափառը դրուատեց արժանիքները հայր սուրբին: Քարոզեց եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ներսէս վրդ. Բախտիկեան:

Յաւարտ Ս. պատարագի, պատարագիչ սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ վեհարան:

Դահլիճին մէջ, վեհափառը, շրջապատուած Տաճատ եւ Արտակ արքեպիսկոպոսներով, Գարեգին եւ Արատաւազդ եպիսկոպոսներով, վարդապետներով ու հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, արքութեան տիտղոսին արժանացուց Սահակ եպիսկոպոսը:

Սրբատառ կոնդակը կարդաց Սուրէն աբղ. Քաթարոյեան: Խանդավառ ծափերով ընդունուեցաւ արքութեան տիտղոսին շնորհումը:

Ապա վեհափառ հայրապետը դրուատելէ ետք արժանիքները Սահակ սրբազանին, ըսաւ. «Այսօրուան ուրախութիւնս ամբողջական պիտի ըլլար, եթէ Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ վրդ. Աբէլեան եւս հոս գտնուէր եւ ստանար իրեն շնորհուած ծայրագոյն վարդապետի իշխանութիւնը:

Հայր սուրբը Կիպրոսի քաղաքական ներքին տագնապին եւ անորոշութեան այս օրերուն չէ ուզած իր ժողովուրդէն հեռանալ:

Սահակ արքեպիսկոպոս, ուրախութեան այս յուզիչ պահուն խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հօր, իրեն տրուած այս պատիւին համար: Անգամ մը եւս շեշտեց իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռին եւ առաւել նուիրումով ծառայելու հայ ժողովուրդին:

Ընդհանուր ծափերու մէջ սրբազանը ողջագուրուեցաւ վեհին եւ իր սրբազան ու միաբանակից եղբայրներուն հետ:

Ներկաները խանդավառ այս մթնոլորտին մէջ խմբերգեցին «Կիլիկիա» երգը եւ վեհափառ հօր ձօնուած մաղթերգը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ շնորհաւորութիւն:

Մարաշի Աղէտին 44-րդ Տարեդարձը

Երէկ կիրակի, 2 փետրուար 1964, Մարաշի աղէտին 44-րդ տարեդարձը յարգուեցաւ պատշաճ հանդիսութեամբ:

Նոր Մարաշի քոյր յարանուանութեանց երեք եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութիւն:

Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան արարողութեանց` յարգելու համար յիշատակը իրենց նահատակներուն:

Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնական հոգեհանգստեան արարողութեանց նախագահեց լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:

Պատարագեց եւ հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոս, բնաբան ունենալով` «Անոնք  կ՛երթային լալով ու իրենց հետ կը տանէին սերմեր: Անոնք պիտի վերադառնան ցնծալով ու իրենց հետ պիտի բերեն որաներ»:

Էշրեֆիէի Համազգայինի Մշակութային
Բեղուն Գործունէութիւնը

Էշրեֆիէի Համազգայինի վարչութիւնը այս տարեշրջանին մշակութային բեղուն գործունէութիւն մը ցոյց կու տայ, որ արժանի է գնահատանքի:

Էշրեֆիէի Համազգայինի վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող հայ ժողովրդական երգի ու պարի խումբը եւս, ղեկավարութեամբ տոքթ. Վարդգէս եւ Էկլանդին Աբրահամեաններու, տոքթորը որպէսզի խումբի ընդհանուր պատասխանատու, տիկինը` պարեր յղացող եւ պարուսոյց, գործակցութեամբ երգչախումբի եւ նուագախումբի ղեկավար Սարգիս Շաթրեանի, որ իր երաժշտական ուսումը ստացած է Երեւանի երաժշտանոցէն, իրենց շուրջ համախմբուած երիտասարդ եւ խանդավառ երիտասարդներով, լծուած են արդիւնաւէտ աշխատանքի` հայկական տոհմիկ երաժշտութեան եւ պարարուեստին սիրահար ժողովրդական հոծ բազմութեանց կողմէ անհամբերութեամբ սպասուած տարեկան ելոյթին համար, տենդագին փորձերու:

Համազգայինի հայկական ժողովրդական երգ ու պարի «Քնար» խումբը իր տարեկան ձեռնարկի աշխատանքին առընթեր, Ս. Ծնունդի առիթով, յունուար 5-ին հեռատեսիլի կայանէն Վիքի Կարապետեանի յայտագրին բերած իր գնահատելի մասնակցութեամբ, առիթ ընծայեց մեր լիբանանցի բոլոր հայրենակիցներուն` ծանօթանալու եւ գնահատելու մեր ժողովրդական երգն ու պարը:

Խումբը նաեւ իր գնահատելի մասնակցութիւնը բերաւ «Ազատամարտ» ակումբի վարչութեան կազմակերպած գեղարուեստական երեկոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Ազատամարտ» սրահին մէջ:

Համազգայինի վարչութիւնը նաեւ ձեռնարկած է դասախօսութիւններու շարքի մը, որոնց մէկ մասը տեղի ունեցաւ:

1963 դեկտ. 23-ին վերոյիշեալ դասախօսութիւններուն առաջինը տրուեցաւ այն ատեն դեռ ծայրագոյն վարդապետ, այժմ նորաօծ եպիսկոպոս Գարեգին սրբազան Սարգիսեանին կողմէ, նիւթը` «Հայ եկեղեցւոյ շարականները որպէս բանաստեղծութիւն»: Հմուտ եկեղեցականը վերլուծելով շարք մը շարականներ` հաստատեց, թէ անոնք գրուած են անձնական խոր ապրումով եւ ներշնչումով. անոնց մէջ տրուած պատկերացումները ոչ թէ ստացական` այլ ստեղծագործ արուեստի դրոշմ կը կրեն:

Երկրորդ դասախօսութիւնը կը շօշափէր խիստ այժմէական նիւթ մը. «Արդի երիտասարդութեան տագնապը»: Դասախօսը` տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, իւրայատուկ պերճախօսութեամբ, հմտօրէն կրցաւ վերլուծել դարուս խորհող մարդոց մղձաւանջ դարձած արդի երիտասարդութեան կամ ընկերութեան` ընկերային, բարոյական այլասերման պատճառները, անոնց արդիւնքը եղող ներկայ անբաղձալի գոյավիճակը, եւ առաջարկեց այս կացութենէն դուրս ելլելու համար անհրաժեշտ եղող պայմանները:

Նկատի ունենալով նիւթին այժմէականութիւնը` յարգելի դասախօսը նիւթը բաժնած էր երկու յաջորդական դասախօսութիւններու` կարելի եղածին չափ ընդարձակօրէն վերլուծելու համար տագնապ մը, որ կը սպառնայ կլանել նաեւ մեր երիտասարդութիւնը…

Յունուար 21-ին եւ 28-ին տրուած սոյն դասախօսութեան, որ լեցուն սրահներով ունկնդրուեցաւ, ամփոփումը պիտի չտանք այս տողերով, պարզ այն պատճառով, որ ջերմագինս յանձնարարելով հասարակութեան, նաեւ պիտի խնդրէինք յարգելի դասախօս բժիշկէն, որ իր սուղ ժամանակներէն առիթներ գտնելով` նաեւ այլ շրջաններու մէջ կրկնէ նոյն խիստ շահեկան դասախօսութիւնը:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Ֆէյսպուք` Ժամանակավրէպ Դառնալու Ճամբուն Վրայ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.