
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Արցախի ազգային վիճակահանութենէն գոյացած 240 միլիոն դրամը պիտի յատկացուի Իշխանաձոր համայնքի վերածնունդին եւ հայրենադարձութեան գաղափարի կեանքի կոչման: Ան աւելցուց, որ մինչեւ 28 դեկտեմբեր պէտք է աւարտին հասցնեն համայնքի 37 առանձնատան շինարարական աշխատանքները: Փոխվարչապետը յայտնեց, որ նախապատրաստական աշխատանքները արդէն կ՛աւարտին, եւ փետրուարի կէսերէն պիտի սկսի առանձնատուներու շինարարութիւնը:
Ըստ Աղաբեկեանի, Իշխանաձոր համայնքը ունի բոլոր կարելիութիւնները բնակիչ ընդունելու եւ ապահովելու անոնց բարեկեցութիւնը: «Իշխանաձոր համայնքին մէջ այսօր 240 բնակիչներ կան, կը գործէ գիւղապետարան եւ դպրոց: Գիւղը ունի խմելու ջուր եւ ունի հսկայական տարածքներ բնակարանաշինութեան համար: Մեր առաջին նպատակը Իշխանաձոր համայնքին մէջ բնակիչներու թիւը 1000-ի հասցնել է», ըսաւ Արթուր Աղաբեկեան` աւելցնելով, որ Իշխանաձորի վերաբնակեցումը սերտօրէն կապուած է Արաքսի ափի վերաբնակեցման ծրագիրին հետ:
Աղաբեկեան յայտնեց, որ իրենք իրենց առջեւ յաւակնոտ եւ պատասխանատու նպատակ դրած են, սակայն վստահ են, որ արդիւնքը դրական պիտի ըլլայ: «Արաքսի ափի վերաբնակեցման ծրագիրի իրագործումը նոր աշխատատեղեր պիտի բանայ: Կառավարութիւնը նպատակ դրած է 10,000 հեկտար հող պատրաստել հողագործութեան համար», ընդգծեց Աղաբեկեան:
Տարածքի վերաբնակեցման նպատակով արդէն կառուցուած է 40 մեթր հոսանքալար, 48 քմ ջրատար եւ արտեզեան 5 ջրհորներ: Փոխվարչապետը արդէն հանդիպում ունեցած է Արմաւիրի մարզի տարբեր գիւղերու բնակիչներուն հետ եւ խորհուրդ տուած մասնակցիլ հայրենադարձութեան ծրագիրին:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետը նշեց, որ կառավարութեան առաջին նպատակը ոչ միայն հայրենադարձութեան ապահովումն է, այլեւ այն, որ հայրենադարձը իր ընկերային մակարդակով չզիջի Ստեփանակերտի կամ Երեւանի մէջ ապրող բնակիչին:
«Հայրենադարձը պէտք է վաստկի այնքան, որ կարենայ արժանապատիւ ապրիլ: Մենք` բոլորս պատասխանատու ենք այդ ծրագիրի իրականացման համար, 260,505 հայրենակիցներ, որոնք գնած են վիճակախաղի տոմսեր, միացեալ պատասխանատուութիւն պիտի կրեն Իշխանաձորի զարգացման համար», ըսաւ Աղաբեկեան` աւելցնելով, որ այս տարի շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի 400,000 վիճակախաղի տոմս. գերագոյն նպատակը վիճակախաղի քանակը մէկ միլիոնի հասցնել է:
«Պետական պիւտճէն սահմանափակ է եւ վերաբնակեցման համար տարեկան 120-130 միլիոն դրամ կը նախատեսէ: 2014-ին այդ գումարը 380 միլիոն դրամ է եւ լաւագոյն պարագային, տարեկան այդ գումարը թերեւս աւելնայ եւս 100 միլիոն դրամով: Արդեօ՞ք ատիկա այն գումարն է, որով մենք կարենանք այդ ռազմավարական կարեւոր խնդիրը լուծել: Ո՛չ: Հայրենիքը գործով կը սիրեն եւ միայն զգացականի վրայ կարելի չէ երկիր կառուցել. երկիր պէտք է կառուցել փաստացի կերպով, իրականացնել երազանքը եւ Արցախի բնակչութիւնը հասցնել գոնէ 300,000-ի: Ասիկա կրնանք ընել միասին, համընդհանուր ջանքերով եւ միասնական մտածելակերպով», ըսաւ փոխվարչապետը:
Յայտնենք, որ անցեալ տարի Արցախի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած 300,000 վիճակահանութեան տոմսերէն ծախուեցան 260,505 հատը: 345 հոգի շահեցաւ Արցախեան գորգ: Նոր վիճակահանութեան սկիզբը պիտի ազդարարուի 9 մայիսին, իսկ վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 28 դեկտեմբերին:


