Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օճալանի Նամակը Հայերուն. «Աշխարհը Պէտք Է Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կը Գրէ Օճալան

January 31, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ocalanՔրտական «Ֆիրաթ» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի կողմէ հայ ժողովուրդին ուղղուած երկար սպասուած նամակը:

Օճալան հայ ժողովուրդին նամակ գրելու մասին խօսեցաւ այն բանէն ետք, երբ ՔԱԿ-ի ներկայ ղեկավարներէն Պեսէ Հոզաթ հայկական լոպին մեղադրեց Թուրքիոյ ուրուական պետութիւններէն մէկը ըլլալու յանցանքով: Այդ յայտարարութիւնը անհանգստութեամբ ընդունուած էր յատկապէս Թուրքիոյ հայութեան կողմէ, որուն պատճառով ալ Օճալան յայտարարեց, որ 19 յունուարին` Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը նամակով պիտի դիմէ հայ ժողովուրդին: Սակայն Իմրալը կղզիին մէջ բանտարկուած Օճալանի նամակը ճշդուած թուականին չհասաւ ընթերցողին, որովհետեւ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը չէր փոխանցած Օճալանի նամակը քիւրտ երեսփոխաններուն, որոնք զայն պէտք էր հրապարակէին:

Օճալանի Նամակին Ամբողջական Բնագիրը

«Միջագետքի եւ Անատոլուի հին ժողովուրդներուն միջեւ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հասարակական յարաբերութիւնները վերջին երեք դարերուն ընթացքին մեծ վերիվայրումի մէջ են: Յատկապէս դրամապաշտ արդիականացման եւ անոր մեհեանը հանդիսացող ազգային պետութիւններու սրսկած թոյնին պատճառով այս հողերը կարծես վերածուեցան ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու գերեզմանոցի: Միատարր ազգ ստեղծելու ծրագիրները Եւրոպայէն Ափրիկէ, Ասիայէն Աւստրալիա եւ մինչեւ Ամերիկա մարդկային բոլոր արժանիքները գահընկէց ըրած, բազմահազար տարիներու մշակութային ժառանգը եւ արժէքները ոչնչացուցած են: Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան առաջին հասակ նետած վայրերէն նկատուող մեր հայրենի երկիրն ալ այս աղէտէն իր բաժինը աւելիով ստացած է: Մեր ժողովուրդներուն միջեւ դաշոյնի մը նման մխրճուած ցեղապաշտ ազգային հոսանքները այս փորձանքի գաղափարական հիմքը կազմած են:

«Տասնեակներով լեզու եւ մշակոյթ այս հրդեհին մէջ մոխիրի վերածուած, նոյնիսկ հնագիտական նմուշ ըլլալով անգամ մեր օրերուն չեն կրցած հասնիլ: Բազում ժողովուրդներ ցեղասպանութեան նման մարդկային յանցագործութիւններով փճացած, բազմաթիւ հաւատքներ եւ մշակոյթներ ճնշումներու բերմամբ անհետացած են: Վերջին դարերուն արձանագրուած աղէտները մարդկութեան ենթարկուած մեծագոյն փորձանքներն են: Թէեւ պատմութեան ընթացքին պատերազմներ եւ բախումներ միշտ եղած են, սակայն այսօրուան նման մարդկութիւնը եւ բնութիւնը ոչնչացնելու միտող եւ մեծ մասամբ ալ յաջողած հակում մը չէր եղած:

«Ահա հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած եւ նախորդ դարասկիզբին գործադրուած ցեղասպանութեան ծրագիրն ալ այս նողկալի ռազմավարութեան ամէնէն դաժան օրինակներէն է: Հայ ժողովուրդին մատնուած իրավիճակը ցեղասպանութեան յստակ իրողութիւն մըն է: Ի դէմս ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդին իր ողբերգութեան հետ միասին գոյութիւնը մինչեւ օրս պահելն ալ հրաշք մըն է: Այս հրաշքը անկասկած տանջուած հայ ժողովուրդի մեծ ջանքերուն ու պայքարին շնորհիւ իրականացած է:

«Այսօր ամբողջ աշխարհը պարտի հայ ժողովուրդին ենթարկուած պատմական իրողութեան հետ առերեսուիլ եւ հայ ժողովուրդի սուգը բաժնել, վիշտը կիսել: Թուրքիոյ Հանրապետութեան ալ խնդիրին այս հասունութեամբ մերձեցումը եւ դառն պատմութեան հետ առերեսուիլը անխուսափելի է:

«Հայ ժողովուրդին ալ համեստաբար կրնամ առաջարկել, որ առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը` հեռու մնալով մեր ժողովուրդները տակաւին դարեր շարունակ իրարու թշնամացնել նպատակադրող միջազգային դրամատէր ուժերու եւ լոպիներու չարամտութենէն: Այսօր իրարու հետ գիրկընդխառնուած են քիւրտ ժողովուրդի ազատութեան պայքարը եւ հայ ժողովուրդի վիշտերուն բուժումն ու հաւասար իրաւունքներու տէր քաղաքացիներ ըլլալով այս հողերուն վրայ գոյատեւելու պայքարը: Ժողովրդավարութեամբ պսակադրուած հանրապետութիւն մը թէ՛ պիտի յաջողի անցեալին հետ հաշտուիլ եւ թէ՛ բոլոր տարբեր ինքնութիւնները ազատապէս ապրած հանրապետութիւն մը դառնալ:

«Այս շրջանակէն դիտելով կրնանք ըսել, որ մենք ո՛չ միայն քիւրտ ժողովուրդին, այլեւ այս երկրի բոլոր ժողովուրդներուն եւ հաւատքներուն ազատութեան համար կը պայքարինք:

«Այս պատճառով է, որ հակաժողովրդավարական ուժերը ամէն առիթով մեր առջեւ արգելքներ հանեցին քրտական հարցը անլուծելի դարձնելու համար:

«Ամէն անգամ որ խաղաղասէր միջոցներու դիմեցինք, մեծ գրգռութիւններով ընթացքը խափանեցին: Այս միջավայրը կը յենի երկու հիմնական ուժի վրայ` դրամ եւ ազգայնականութիւն: Իսկ իբրեւ միջոց կ՛օգտագործեն մեծ դրամատէրերու լոպիները եւ համայնքանման կառոյցները: Իրենց համար ենթահող կը ստեղծեն պնդելով, թէ ժողովուրդներու միջեւ տակաւին անկատար հաշիւներ կան: Մինչդեռ այս երկրի բնակիչ բոլոր հնադարեան ժողովուրդները այս հողերուն տէրն են եւ իրենց միջեւ անբաժանելի ոչ մէկ բան կայ: Քիւրտ, թուրք, արաբ, պարսիկ կամ հայ, բոլոր ժողովուրդները ստիպուած են իրենց միջեւ իրաւական հաւասարութեան մը յենող եղբայրական գիտակցութիւն մը ստեղծել: Ժողովուրդներու միջեւ ստեղծուած թշնամութիւնը անկարելի է մեր մշակոյթին յատկութիւնը նկատել: Ստիպուած ենք այդ ախտին մեր յաջորդ սերունդներուն փոխանցումը կանխարգիլել: Այս ալ հազիւ իրաւ արդարութեան մը վրայ կառուցուած պատմական խաղաղութեամբ մը կարելի կ՛ըլլայ: 2013-ի Նեւրոզին մեր կողմէ սկսած հոլովոյթն ալ հազիւ այս հասկացողութեամբ կայուն եւ իմաստալից կը դառնայ:

«Ժողովուրդներու իսկական բարեկամը եւ հայ ժողովուրդի քաջարի որդին` Հրանդ Տինքն ալ ահա այս կեղտոտ մտայնութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, վերեւ նշուած նպատակին համար սպաննուած է: Այս նպատակով սպաննուած վերջին հայն ալ ան է:

«Դժուար պայմաններու տակ շարունակ կ՛աշխատիմ խաղաղութեան պայմանները որոնել: Այս ջանքը ոչ մէկ ժողովուրդի ի վնաս կրնայ ըլլալ: Իմ այս խօսքիս երաշխիքը մեր աւելի քան երեսուն տարուան պայքարին իւրաքանչիւր պահուն դրոշմուած է արդէն: Երբ մենք այստեղ բոլոր ժողովուրդներուն ի նպաստ ջանք կը թափենք, մեզ ձախողեցնելու համար աշխատող բոլոր խորունկ, բացայայտ, զուգահեռ կառոյցներու, լոպիներու եւ համայնքանման կազմակերպութիւններու դէմ զգուշութեան, յստակ դիտարկումով մը խնդիրը քննարկելու կը հրաւիրեմ ձեզ:

«Մեր քաղաքական բարոյական կեցուածքը մինչեւ այսօր օգտակար եղաւ, որ առանց շեղելու յառաջանանք մեր ճամբէն: Ոչ ոք թող կասկածի, թէ այսուհետեւ ալ նոյն հեռատեսութեամբ պիտի պայքարիմ բոլոր ժողովուրդներուն համար:

«Այս հիման վրայ անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշեմ սիրելի Հրանդ Տինքը եւ գլխաւորութեամբ հայ ժողովուրդին, մեր բոլոր ժողովուրդներուն ողջոյններս կը փոխանցեմ»:

Նամակը ստորագրուած է Ապտուլլա Օճալանի կողմէ, Իմրալը արգելանոցին մէջ:

 

Նախորդը

Մեր Յիշողութեան Մէջ Յաճախ Միասին Են Պետոն, Կարօտը Եւ Հրաչը

Յաջորդը

«Հայաստան Պատճառ Չի Տեսներ Ձգձգելու Մաքսային Միութեան Անդամակցութեան Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Սերժ Սարգսեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.