Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սլէյման Վերահաստատեց Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեանին Նկատմամբ Իր Զօրակցութիւնը

January 30, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

sleiman_salamՀանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Սալամ նախագահ Սլէյմանին կառավարութեան նոր կազմ մը չներկայացուց:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը կազմելու ճիգերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի պաշտպան փաստաբաններու գրասենեակի նախագահ Ֆրանսուա Ռու, որ հանրապետութեան նախագահը տեղեակ պահեց դատական ատեանին աշխատանքներուն մասին:

Նախագահ Սլէյման վերահաստատեց այդ ատեանին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը եւ ընդգծեց ատեանին եռալեզու (արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն) ընթացքը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ինք լաւատես է, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին ընթացքի մէջ է:

Ան նշեց, որ իր կարծիքով, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն չէ մերժած կառավարութեան մաս կազմել, որովհետեւ այդ իմաստով իրեն վերջնական մերժումի տեղեկութիւններ չեն հասած:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ ուղղակի կապի մէջ է` միաժամանակ դժգոհութիւն յայտնելով խորհրդակցութիւններուն արձանագրած յապաղումներուն առումով:

Ան շեշտեց, որ այս խորհրդակցութիւնները պէտք էր կատարուէին տասը ամիս առաջ:

«Ամէն պարագայի, կառավարութեան կազմութեան տագնապի մէջ գտնուիլը ապահովական տագնապի մէջ գտնուելէն լաւ է», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ պէտք է արդէն իսկ անցնիլ նախարարներուն ինքնութիւններն ու ստանձնելիք նախարարութիւնները ճշդելու հանգրուանին: Ան նշեց, որ իրենք կ՛աշխատին զուգահեռ կերպով կազմելու քաղաքական համախոհական եւ չէզոք կառավարութիւն մը:

 

Նախորդը

Իտալիա Կը Պարգեւատրէ Զօր. Քահուաժին

Յաջորդը

Պըրրի. «Եթէ Նոր Տուեալներ Պարզուին, Պատրաստ Եմ Միջամտելու»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.