Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Հանդիսաւորապէս Նշեց Բանակի Օրը. Նախագահ Սարգսեան. «Նոր Սերունդը Կը Շարունակէ Մեր Բանակի Լաւագոյն Աւանդութիւնները»

January 29, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան կ՛ուղղէ իր ուղերձը
Նախագահ Սարգսեան կ՛ուղղէ իր ուղերձը

«Երբ հայ ժողովուրդը տեւական ընդմիջումէ ետք կը վերականգնէր իր անկախութիւնը, հայոց բանակը առաջին կայացած պետական կառոյցը դարձաւ: Հայաստանի զինեալ ուժերու ստեղծումը մեր երկրին առաջին եւ մեծագոյն ձեռքբերումն էր», Բանակի օրուան առիթով ուղղած իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«Ասիկա արդէն պատմական փաստ է եւ անհերքելի ճշմարտութիւն: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ բանակաշինութիւնը կորսնցուցած է իր արդիականութիւնը», յայտարարեց հանրապետութեան նախագահը` շարունակելով. «Բառացիօրէն օրեր առաջ մենք վկան եղանք մեր երկրին սահմանները պաշտպանող զինուորի սխրանքին, որ իր կեանքին գնով կատարեց իր առաջադրանքը` պաշտպանելով այն ամէնը, ինչ որ սուրբ ու նուիրական է բոլորիս համար: Այսօր մեր աչքին առջեւ նոր սերունդը կը շարունակէ մեր բանակի եւ զինուորականութեան լաւագոյն աւանդութիւնները, որոնք ձեւաւորուած են տակաւին Արցախեան հերոսամարտի օրերուն` մարտի դաշտին վրայ»:

«Մայիս 2014-ին պիտի ամբողջանայ զինադադարի ստորագրման 20-րդ տարին: Արդէն երկու տասնամեակէ ի վեր մեր բանակը եւ ամբողջ հասարակութիւնը կ՛ապրին «ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն» պայմաններուն մէջ: Ասիկա առանձնայատուկ բարդ վիճակ է որեւէ բանակի եւ իւրաքանչիւր զինուորի ու սպայի համար, բայց այս ընթացքին մեր բանակը պատուով կը կատարէ իր առաքելութիւնը», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«Այսօր` մեր յաղթական բանակի օրը, մեծ տօն է, եւ առիթ` յիշելու անոնց, որոնք Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութիւնը կազմակերպեցին եւ իրականացուցին անհաւանական թուացող ճիգերու գնով, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային` նաեւ կեանքի գնով: Անոնք դարձան օրինակ եւ չափանիշ հետագայ սերունդներուն համար, ինչպէս անոնց համար օրինակ ու չափանիշ եղած էին իրենց հայրերն ու պապերը Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն: Մենք կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ անոնց, որոնք պարտադրուած գոյապայքարը վերածեցին փառահեղ ազատամարտի: Անոնք տակաւին բանակ չէին, եւ իրենք զիրենք համեստօրէն կը կոչէին «ինքնապաշտպանութեան ուժեր»` բաղդատմամբ այն հրոսակախումբերուն, որոնք իրենք զիրենք «բանակ» կը կարծէին, բայց մեր ջոկատներու կէսը չէին արժեր», յայտարարեց Հայաստանի նախագահը:

«Մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածները միասին ձեւաւորեցին մեր բանակը ո՛չ թէ թուղթի վրայ, այլ կռուի դաշտին վրայ: Իրաւական ձեւակերպումը եկաւ աւելի ուշ, բայց ճիշդ ժամանակին: Ատիկա այն պահն էր, երբ մենք ամենայն իրաւունքով եւ հպարտութեամբ մեզ կրնայինք կոչել Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժեր: Հայոց բանակը թէ՛ պատերազմի դաժան օրերուն, թէ՛ զինադադարի 20-ամեայ ժամանակաշրջանին ապացուցած է եւ ամէն օր կ՛ապացուցէ, որ հակառակորդի յոխորտանքները ոչինչ կ՛արժեն, որովհետեւ սահմանին կանգնած է պատրաստուած եւ գիտակից հայ զինուորականը: Եւ պիտի կանգնի: Քսան տարին մեր պատմութեան համար նոյնիսկ ակնթարթ ալ չէ: Մենք պիտի կանգնինք այնքան, որքան անհրաժեշտ է», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

«Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը տակաւին իրենց ձեւաւորման պահուն հակառակորդին եւ բոլորին ըսին պարզ բան մը. Արցախի ազատութիւնը ամէն ինչէ վեր է, մենք կը գիտակցինք, որ մեզ ոչ ոք ազատութիւն պիտի չնուիրէ, բայց մենք պատրաստ ենք պայքարի: Եւ մենք յաղթեցինք», յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

5187_bՀայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի
Նախագահները Եռաբլուր Այցելեցին

Բանակի օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եւ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան ու հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ երէկ այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցեց իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներուն յիշատակին:

Պետական Բարձր Պարգեւներ`
Զինուորներուն Եւ Ազատամարտիկներուն

Բանակի օրուան առիթով երէկ խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ Հայաստանի նախագահի հրամանագիրով պարգեւատրուեցան պետական բարձր պարգեւներով:

Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ պարգեւատրուածներու շարքին կը գտնուին 19 յունուարի լուսցող գիշերը ազրպէյճանական ներթափանցող խումբերու փորձը փոքրաթիւ ուժերով կասեցուցած եւ հակառակորդը ետ մղած զօրամասի զինուորները` «Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած բացառիկ խիզախութեան եւ անձնական արիութեան, մասնագիտական բարձր պատրաստուածութեան, կեանքին սպառնացող վտանգի պայմաններուն մէջ ծառայողական պարտքը կատարելու ընթացքին ցուցաբերած անձնուիրութեան համար»: Այդ իրադարձութիւններու ժամանակ զոհուած թիւ 49971 ջոկի հրամանատար Արմէն Յովհաննիսեան յետմահու պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալով, նոյն զօրամասի երկու զինուորներ` Արիութեան մետալով, ինչպէս նաեւ չորս ուրիշներ` Մարտական ծառայութեան մետալով:

«Այսօր մենք կը յիշենք ու կ՛ոգեկոչենք մեր բոլոր հերոսները անուն առ անուն: Օրեր առաջ կրտսեր տասնապետ Արմէն Յովհաննիսեանի ցուցաբերած վեհ կեցուածքը վճռական պահուն եւ անոր ու ընկերներուն սխրանքը մեր բանակի իսկական նկարագիրն են ու օրինակը: Կը խնդրեմ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել հայրենիքի զինուորին եւ արժանաւոր հայորդիին` Արմէն Յովհաննիսեանի պայծառ յիշատակը»,  ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան` նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ:

Նախորդը

Լոս Անճելըս Քաղաքը Կը Ճանչնայ Արցախի Անկախութիւնը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.