Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ ԱՖՓ-ի. Հոլլանտ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

January 29, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հոլլանտ եւ Կիւլ
Հոլլանտ եւ Կիւլ

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հոլլանտ այս յայտարարութիւնը կատարած է Անգարայի մէջ` Թուրքիա իր երկօրեայ այցելութեան առաջին օրը Թուրքիոյ նախագահին հետ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Հոլլանտ վերջին 22 տարուան ընթացքին Թուրքիա այցելող Ֆրանսայի առաջին նախագահն է:

«Նման իրադարձութիւնները յիշելը միշտ ցաւալի է, սակայն անհրաժեշտ», ըսած է Հոլլանտ` խօսելով ցեղասպանութեան մասին: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ֆրանսան պիտի որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, ան այս վերջին հարցով յստակ ցուցանիշ մը չէ տուած, սակայն ընդգծած է, որ իրենք պիտի կատարեն «այն, ինչ որ օրէնքները կը թելադրեն»:

«Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ իր կարգին յայտարարած է, որ ճիշդ չէ այդ ցաւը փոխանցել սերունդներուն: «Այն, ինչ որ անհրաժեշտ է ընել, պատմութիւնը պատմաբաններուն ձգելն է: Մենք պատրաստ եղած ենք բանալու մեր բոլոր արխիւները եւ բացած ենք: Թրքական օրէնքներուն մէջ որոշակի խոչընդոտներ կային որոշ հարցեր քննարկելու համար, սակայն մենք փոխեցինք օրէնսդրութիւնը: Այժմ ամէն ինչ կարելի է քննարկել»:

Հոլլանտ իր կարգին նշած է, որ այժմ անցեալի իրադարձութիւններու ուսումնասիրութիւն տեղի կ՛ունենայ: «Կարելին կ՛ընենք, որպէսզի հանրութիւնը ճիշդ տեղեկութիւն ունենայ», ըսած է ան:

«Թրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Կիւլ շեշտած է, թէ «ճիշդ ինչպէս ֆրանս-ալճերիական պարագային, այս հարցը առանձին չենք կրնար լուծել: Միացեալ աշխատանքի կարիքը կայ»` վերահաստատելով այս հարցի քննարկման համար պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ մը ստեղծելու Թուրքիոյ կոչը:

Յիշեցնելով, որ խօսքի ազատութիւնը եւրոպական արժէքներու մէկ կենսական մասն է, Կիւլ նաեւ ըսած է, որ այս վէճին երկու կողմերը պէտք է կարենան Ֆրանսայի մէջ իրենց տեսակէտները արտայայտել: «Մենք կը յարգենք այս հարցով Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի վճիռը», նշած է ան:

Անուղղակի կերպով Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքին անցեալի ցաւերը ետին ձգելու եւ զանոնք նոր սերունդներուն չփոխանցելու կոչ մը ուղղելով` Կիւլ Տարտանելի պատերազմէն ետք Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հետ Թուրքիոյ բարեկամութեան օրինակը տուած է: «Պէտք չէ այդ ցաւերը մեր զաւակներուն փոխանցենք: Փոխարէնը պէտք է մեր զաւակներուն միջեւ նոր բարեկամութիւններ հաստատենք», ըսած է ան:

Ըստ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ի, Հոլլանտ եւս անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին «աշխուժ միացեալ աշխատանք»-ի անհրաժեշտութեան:

Փարիզի հայկական «Այբ Էֆ.Էմ.» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Վարդան Գաբրիէլեան «Երկիր Մետիա»-ին յայտնեց, որ Հոլլանտ Թուրքիոյ մէջ չօգտագործեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը:

Հոլլանտ ըսած է, որ «Ֆրանսա պէտք է խօսի օրէնքի լեզուով եւ չքաղաքականացնէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքին վերաբերող խնդիրները»:

Հոլլանտ ըսած է, որ շատ ցաւալի է վերանայիլ անցեալ պատմութեան, սակայն ամէն պարագայի պէտք է ատիկա կատարել եւ հասնիլ հաշտեցման: Իսկ այդ ուղղութեամբ, ըստ Ֆրանսայի նախագահին, պէտք է աշխատանք տարուի «մինչեւ 2015 թուականի ոգեկոչումները»:

Գաբրիէլեան աւելցուցած է, որ Հոլլանտ իր ելոյթին մէջ օգտագործած է «ցեղասպանութիւններ» բառը եւ ոչ թէ` «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը:

Հոլլանտ երէկ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի այրիին` Ռաքէլ Տինքի հետ:

Միւս կողմէ, ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով անանուն աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Հոլլանտ մայիսին Ազրպէյճան պիտի այցելէ:

 

 

Նախորդը

Հայ-Ռուսական Զինուորական-Արհեստագիտական Համաձայնագիրը Հաւանութեան Արժանացաւ Ռուսական Կառավարութեան Կողմէ

Յաջորդը

Լոս Անճելըս Քաղաքը Կը Ճանչնայ Արցախի Անկախութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.