Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցեղասպանութիւնը Ընդունելու` Ֆրանսայի Նախագահին Կոչը Կարեւոր Է, Բայց Ոչ Շրջադարձային» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

January 29, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան
Կիրօ Մանոյեան

Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կոչը Թուրքիոյ  նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին` ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, կարեւոր է, բայց ոչ շրջադարձային, Tert.am-ին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ  Մանոյեան:

«Հոլլանտի յայտարարութիւնը պէտք է, ընդհանուր առմամբ, գնահատել դրական, բայց ոչ շրջադարձային` հաշուի առնելով նաեւ նախագահ Օպամայի առաջին այցելութեան ժամանակ կատարած յայտարարութիւնները: Բայց կարեւոր է այնքանով, որ արդէն երկրորդ պետութեան ղեկավարն է, որ Թուրքիոյ կ՛ըսէ, որ անհրաժեշտ է ընդունիլ սեփական պատմութիւնը», ըսաւ ան:

Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ Ֆրանսուա Հոլլանտը հաստատեց, որ Ֆրանսան պիտի ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու մասին օրէնքը:

«Ան նաեւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին յստակ ըսաւ, որ անոր հասնելու համար Թուրքիա պէտք է բաւական երկար ճամբայ անցնի եւ վերջաւորութեան, որ Ֆրանսայի կողմէ որոշումը պիտի տայ Ֆրանսայի ժողովուրդը», ըսաւ ան:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Ֆրանսայի կողմէ ցուցաբերուող հետեւողականութիւնը Կիրօ Մանոյեան կը նկատէ ոչ միայն ֆրանսահայ համայնքի կատարած աշխատանքի արդիւնք:

«Ի հարկէ, ֆրանսահայ համայնքը մեծ աշխատանք կը կատարէ, եւ  Հոլլանտի Թուրքիա այցելութեան նախօրեակին անոնք իրենց տեսակէտը քանի մը ձեւերով յայտնեցին` նախագահին հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ, ցոյցեր տեղի ունեցան: Բայց միայն անոր պէտք չէ վերագրել, որովհետեւ պէտք է նաեւ ընդունիլ այդ պետութեան պատմական կեցուածքը, ինչպէս նաեւ այս պարագային նախագահի իբրեւ անձի կեցուածքը` նախագահ ընտրուելէն ե՛ւ առաջ, ե՛ւ հիմա», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսուա Հոլլանտի յայտարարութենէն ետք Թուրքիոյ արձագանգին, ապա Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ ի հարկէ Թուրքիա իր կեցուածքը պիտի չփոխէր մէկ օրուան ընթացքին:

«Կիւլ կրկնեց Թուրքիոյ կեցուածքը, որ ասիկա պատմական խնդիր է եւ պէտք է հարցը տալ պատմաբաններուն, նաեւ ըսաւ, թէ ցաւը սերունդէ սերունդ պէտք է անցնի, բայց ատիկա ըսաւ իրականութեան մէջ Հոլլանտի ըսածներուն հակաճառելով, կը կարծեմ, որ այդքան ալ հիմնական չէ այս պարագային», ըսաւ ան:

Նախորդը

Նիքոլա Սահնաուի Ստորագրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Յատուկ Դրոշմաթուղթ Հրապարակելու Որոշումը

Յաջորդը

Հայ-Ռուսական Զինուորական-Արհեստագիտական Համաձայնագիրը Հաւանութեան Արժանացաւ Ռուսական Կառավարութեան Կողմէ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.