Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տեղեկատուական Զգօնութեան Արտակարգ Իրավիճակ (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

January 28, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armyՀայոց բանակի օրը այս տարի տարբեր առումներով լուսարձակներ կը հրաւիրէ իր վրայ: Անշուշտ մեր բանակի կազմաւորման հոլովոյթը, կատարած սխրագործութիւնները, անհաւասար մարտերու մէջ ձեռք ձգած առաւելութիւնները, ազատագրումները, սահմաններու պաշտպանութիւնը, անոր շարքերուն մէջ պատահած ցաւալի դէպքերն ու Հայաստանի թէ Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի սահմաններու պաշտպանութեան անգնահատելի դերակատարութիւնը նման տօնական պահերու վեր կ՛առնուին եւ կ՛արժանանան հանգամանաւոր թէ ընդհանրապէս հասարակական արձագանգումներու:

Բանակին վերաբերող քննարկումներուն պարագային պէտք է բացառել սահմանահատումները: Այնպէս ինչպէս բացարձակօրէն արգիլուած է սահմանէն ասդին որեւէ ոտնձգութիւն կատարելը, այնպէս նաեւ քննարկումները,  պիտի ճշդեն բանակի վարկին, հեղինակութեան եւ ընդհանրապէս պաշտպանական համակարգին սահմանները: Այս սկզբունքի կիրարկումը կը թուի, թէ դժուար է այսօրուան տեղեկատուական բաց համակարգով  կլանուած հասարակութիւններուն համար: Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տային, որ տարածաշրջանին մէջ համացանցի օգտագործման եւ առհասարակ ընկերային ցանցերու վրայ արձանագրուած օգտատէրերու թիւին առումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գրաւէ աղիւսակի առաջին հորիզոնականը:

Տեղեկացուած հասարակութեան, քննական մտածողութեան եւ առհասարակ աշխուժ քննարկումներ ծաւալելու առումով եթէ այս երեւոյթը դրական պատկերներ կը փոխանցէ, միւս կողմէ կարծիքի ազատութեան շահագործումի նկատելի երեւոյթներ կը պարզէ: Իսկ այստեղ նուրբ է եզրագիծը, որ իւրաքանչիւր հայ քաղաքացի կամ անհատ պարտի նկատի ունենալ, երբ հայոց բանակին հետ կապուած որեւէ երեւոյթի մասին կ՛ուզէ գրառում կատարել, «տեղեկութիւն» փոխանցել:

Չմոռնանք, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները կիսապատերազմական վիճակի մէջ են. խաղաղութեան համաձայնագիրը չէ կնքուած տակաւին: Աւելի՛ն. հրադադարը կը խախտուի ամէն օր, յաճախակի դարձած են թշնամիին կողմէ հետախուզական-յարձակողական (տիվերսիոն) գործողութիւնները: Մեր հայրենական տարածքները կը շարունակուին շրջափակուած մնալ թշնամի պետութիւններուն կողմէ:

Նման համապատկերի մէջ բանակի հետ կապուած քննարկումներուն գերթափանցիկութիւն պահանջելը, չստուգուած տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դնելը, բերանացի իմացածը գրաւոր ձեւով զանգուածայնացնելը մեղմ ըսելաձեւով չի նպաստեր հայկական կողմին: Նման երեւոյթներու առատօրէն յայտնուիլը ստիպեց պաշտպանութեան համակարգի ներկայացուցիչներուն դիմել հասարակութեան եւ յատկապէս ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն, որ նման գրառումներով չնպաստեն թշնամիի տեղեկատուական քաղաքականութեան:

Տեղեկատուական պատերազմը ուղեկցուած է հոգեբանականով: Կը թիրախաւորուի հանրութիւնը, որմէ կարելի չէ տարանջատել զինուորը: Բարոյահոգեբանական մակարդակի անկումը հակառակորդին կողմէ ճշդուած թիրախ է, նպատակ է: Իսկ պարզ է, որ բարոյահոգեբանականը անմիջականօրէն կապուած է մարտունակութեան հետ, որուն մէջ միջազգային գնահատականներով մեծ առաւելութիւն ունի հայկական կողմը:

Ազրպէյճանական կողմէն Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ թէ դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններ բացուած կրակահերթերու երեւոյթներուն դիմաց համացանցային հայ հանրութիւնը իր տեղեկութիւնները պարտի բացառապէս քաղել պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն: Իմանալու համար միջադէպերուն բնոյթը, թշնամիին յարձակողապաշտութեան դիմաց հայկական կողմին անտեղիտալիութիւնը, տրուած համարժէք պատասխանն ու արկածախնդրութիւնները պատժելու օրինակները, զոհերուն եւ տուժածներուն մասին հաստատուած տուեալները:

Գերզգօն, արտակարգ սթափ վիճակ է յայտնապէս սահմաններուն վրայ, խրամատներուն մէջ: Այդ իրավիճակին գիտակից, նոյնքան զգօնութիւն հարկաւոր է կիսապատերազմական կացութեան մասին գրելու, արտայայտուելու եւ ընդհանրապէս որեւէ գրառում կատարելու պահուն:

Նախորդը

Հայկական Բանակի Կազմաւորման 22-ամեակին Առիթով` Նախարար Օհանեան Պարգեւատրեց Ազրպէյճանական Ներթափանցումը Կասեցուցած Զինուորները

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.