
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու օգնական Ալի Համտան:
Միւս կողմէ, Հէյլ ուղղուեցաւ Ռիատ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Ռիատի մէջ Հէյլ իր ունենալիք հանդիպումներուն ընթացքին պիտի կեդրոնանայ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուելիք միջազգային զօրակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն վրայ:
Միւս կողմէ, Պըրրի շաբաթավերջին իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ ինք մտահոգ է Լիբանանի մէջ համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը ի դերեւ հանելու կարելիութենէն: Ան նկատել տուաւ, որ ինք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով ճիգ չէ խնայած, այլ` իր կարելին ըրած է:


