Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժընեւեան Բանակցութեանց Մէջ Չնչին Յառաջխաղացք Մը Արձանագրուած Է

January 27, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լախտար Իպրահիմի
Լախտար Իպրահիմի

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Ժընեւի մէջ սուրիական կառավարական ու ընդդիմադիր պատուիրակութեանց հետ ունեցած իր բանակցութիւններէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «վաղը առաւօտ երկու կողմերուն հետ մէկ սրահի մէջ պիտի հանդիպիմ, իսկ կէսօրէ ետք անոնց հետ անգամ մը եւս անջատ հանդիպումներ պիտի ունենամ»:

«Այս առաւօտ խօսեցանք մարդասիրական հարցերու մասին, Հոմսի եւ քաղաքի պաշարման տակ գտնուող կեդրոնին մասին, եւ կը յուսամ, որ կը մօտենանք լուծումի մը, առնուազն ինչ կը վերաբերի քաղաքայիններուն», ըսաւ ան` յայտարարելով, որ «սուրիական կառավարութիւնը ողջունեց կիներու եւ մանուկներու Հոմսէն դուրս բերումը»:

Ինչ կը վերաբերի բանտարկեալներուն, ձերբակալեալներուն եւ առեւանգեալներուն Իպրահիմի նշեց, որ «մենք անոնց շուրջ քննարկումներ կատարեցինք, եւ որոշ ատենէ մը ի վեր կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք կին, մանուկ եւ տարեց բանտարկեալները ազատ արձակելու»:

«Կառավարութիւնը ընդդիմութենէն պահանջեց ձերբակալեալներու անուանացանկ մը ներկայացնել եւ ընդդիմութիւնը համաձայն գտնուեցաւ ցանկի մը պատրաստութեան», նշեց Իպրահիմի:

Շաբաթ օր երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած քննարկումները կեդրոնացած էին Հոմսի` պաշարման տակ գտնուող շրջաններուն հարցին վրայ: Շաբաթ օր Իպրահիմի բանակցութիւնները «լաւ սկիզբ» մը նկատած էր:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի քաղաքական խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պիտի ձախողի, որովհետեւ ոմանք կը փորձեն անոր միջոցով Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները, հաւատադրժողականներն ու ծայրայեղականները թագադրել»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն հետ որեւէ երկխօսութիւն կարելի չէ կատարել»` աւելցնելով, որ «սկզբունքային նկատառումներով կը մերժենք անոնց հետ երկխօսութիւն կատարել եւ ուրիշներուն եւս չենք յանձնարարեր այդ մէկը ընել»:

«Բանակցային հոլովոյթին մէջ Ժապհաթ Նուսրա, Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան եւ Քայիտայի առնչուած այլ թեւերուն որեւէ դերակատարութիւն չեմ տեսներ», ըսաւ ան:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «Սուրիոյ մէջ մարդասիրական հարցերու լուծումը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի բանակցութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը պիտի ամրապնդէ»:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ «եթէ Ասատ մերժէ նախագահութեան թեկնածու ներկայանալ, ապա անոր վրայ ճնշում պիտի բանեցնենք թեկնածու ներկայանալու»:

Միւս կողմէ, երէկ Ռասուլ Այն քաղաքի արուարձաններէն Մանաժիր շրջանին մէջ քիւրտերու եւ ՏԱՀԵՇ-ի ու իսլամական այլ խմբաւորումներու միջեւ բախումներու ընթացքին 26 զոհ արձանագրուած է:

Նախորդը

Ուքրանական Տագնապ. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ Վարչապետի Պաշտօնը Ստանձնելու Առաջարկը

Յաջորդը

Եգիպտոսի Ժամանակաւոր Նախագահը Կը Յայտարարէ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն Առաջ»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.