Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մեկուսացումներ` Առաջադրուած Հակազդեցութիւններու Համար

January 27, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Rouhani-_kurds-in-Syria«Ժընեւ-2»-ի հետ կապուած մեկնաբանութիւնները երէկ կտրուկ կերպով սկսան բացասական եւ յոռետեսական երանգներ ստանալ։ Անկախ անկէ, թէ հետագայ ի՛նչ ընթացք կը ստանայ եւ թէ վեհաժողովը որեւէ համաձայնական արդիւնքի հասնելու հնարաւորութիւններ ունի՞, թէ՞ ոչ, փոխադարձ ամբաստանութիւններու ոլորապտոյտին մէջ մտնելը նպաստաւոր որեւէ տուեալ չի կրնար ապահովել խնդիրներու լուսաբանման աշխատանքին։

Պէտք է փորձել կեդրոնանալ  հայկական գործօնին հետ ուղղակի-անուղղակի աղերս ունեցող երեւոյթներու վրայ, թէկուզ երկարաժամկէտ կտրուածքի վրայ հաւանական ազդեցութիւնները տեսնելու առումով։

Թեհրանին չմասնակցիլը միջազգային վեհաժողովին, աւելի ճիշդը հրաւէրի որոշումին յետս կոչուիլը անշուշտ թէ իր անդրադարձը պիտի ունենար տարածաշրջանին մէջ յայտնուած կարեւորագոյն թնճուկի հանգուցալուծման գործընթացին վրայ։ Սուրիական դիրքորոշումի խստացում, Դամասկոսէն հնչող յայտարարութիւններու համեմատական կարծրացումէն մինչեւ լիբանանեան կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներու դանդաղեցում կրնան կապուած ըլլալ Թեհրանի նկատմամբ Արեւմուտքի կայացուցած վերջին դիրքորոշումին հետ։

Այս մէկը սակայն յայտնապէս չ՛արգելակեր Թեհրանի նոր առաջնորդին հետ կայանալու ընթացքին մէջ եղող, գոնէ յայտարարողական մակարդակի վրայ չափաւորական քաղաքականութեան համահունչ ելոյթները շարունակելու։ Հակառակ ժընեւէն մեկուսացումին, Թեհրանը կը շարունակէ դրական նշաններ դրսեւորել եւ յայտարարել, որ ինք պատրաստ է բոլոր պետութիւններուն հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելու։ Իսկ այս մէկը բնականաբար տարբերութիւն կ՛ընդգծէ նախորդի օրերուն երկիրներու վերացման մասին յայտարարութիւններուն միջեւ։

Ամենայն հաւանականութեամբ Իրանի գործօնին շրջանցման  միջազգային այս փորձը պիտի չնպաստէ տարածաշրջանին մէջ մեծ օրակարգերու լուծման։ Եւ երբ ներսուրիական պատերազմի սկիզբը հանգամանաւոր կեդրոններու կողմէ կը յայտարարուէր, թէ պէտք է քանդել Թեհրան-Դամասկոս առանցքը, լռելեայն աւելցնելով նաեւ Մոսկուան, ապա նոյն այդ ռազմավարական առանցքի կազմաքանդումը նպատակադրողները վստահաբար պիտի գիտակցէին, որ առանց կարեւորագոյն առանցքային այդ կեդրոնին կարելի չէ համալիր լուծում ապահովել տարածաշրջանային հիմնախնդիրին։ Ուրկէ նաեւ կը հետեւի այն մտածումը, որ առաջադրուածը քաոսային իրավիճակի շարունակութեան ապահովումն է, գէթ առայժմ։

«Ժընեւ-2»-էն դուրս մնացին նաեւ Սուրիոյ քիւրտերը,որոնք կ՛ակնկալէին այս մեծ օրակարգի քննարկման ընթացին լսելի դարձնել իրենց իրաւունքները։ Քիւրտերու մասնակցութեան տեղի չտալը, հակազդեցութեան կարգով զիրենք առաջնորդեց ինքնավար Քիւրտիստանի յայտարարութեան։ Պէտք է արձանագրել, որ մինչ այդ, սակայն, Սուրիոյ քիւրտերը ստեղծած էին արդէն իրողապէս ինքնավար Քիւրտիստանը։ «Ժընեւ-2»-ին չմասնակցելու  իրականութիւնը երեւութապէս մղած էր ինքնավարութեան հաստատման։

Հիմա եթէ փորձենք դիտարկել այն կշիռը, որուն մէկ կողմը (ապ)արդիւնաւէտ ժողովի մասնակցութիւնն է,իսկ միւս կողմը՝ ինքնավարութիւնը, երկար քննարկումի չ’ենթարկուիր երկրորդին նախապատուութիւնը։ Եթէ Իրանը չհրաւիրելով քաոսային իրավիճակի շարունակութիւնը կ՛ապահովուի, ապա քիւրտերը մասնակից չընելով ինքնավարութեան հաստատումը կ՛ակնկալուի։ Իսկ այս մէկը արդէն տարածաշրջանային նոր քարտէսագծումի նախաբանի հանգամանք կրնայ ստանալ, եթէ բաժանարար ծրագիրներու գոյութիւնը չժխտուի։

Իսկ գէթ քիւրտերուն մասով նոր քարտէսագծումը կը թուի, որ չի բխիր Անգարայի շահերէն։ Ինքնավար Քիւրտիստան Իրաքի մէջ եւ այժմ ինքնավար Քիւրտիստան Սուրիոյ մէջ. կը մնայ ինքնավարութիւն մը երրորդ կարեւոր միջավայրի մը մէջ։

Իրանը մեկուսացնողը կ՛ուզէր քաոսային իրավիճակի շարունակութիւնը։ Սուրիոյ քիւրտերուն դիմաց Ժընեւի դռները փակողը կ՛ակնկալէր ինքնավարութեան հակազդեցութիւնը։ Տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ նոյն կողմը երկարաժամկէտ ծրագիրով կը նախանշէ Թուրքիոյ մասնատումը։

«Ա.»

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Զինադադարը Յարգելու Կոչ Կ՛ուղղեն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.