Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ` ՄԵԾԵՐԷՆ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ)

June 24, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2010-ին Պէյրութի մէջ «Զինքօկրաֆ Քեստենեան» տպարանէն լոյս տեսաւ հրապարակագիր Պարոյր Աղպաշեանի «Պատառիկներ` մեծերէն» խորագրեալ յուշագրական հատորը, որուն կողքը գծագրած է Վազգէն Մուղալեան:

Սոյն հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 88 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 17 «պատառիկներ» կամ գրութիւններ` քաղուած մեծերու կեանքէն:

Պարոյր Աղպաշեան կը հաստատէ, թէ սոյն գործը ո՛չ կենսագրական եւ ո՛չ ալ պատմագրական բնոյթ ունի:

Ան պարզապէս կը ներկայացնէ նկարագրի յատկանշական գիծերը այն երախտաւորներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով երկար տարիներ ծառայեցին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ հոգեկան գոհունակութեամբ հեռացան այս աշխարհէն:

Ձեռնարկելով սոյն աշխատասիրութեան` հեղինակը կը մատնանշէ արժանիքները գաղափարապաշտ այն մարդոց, որոնք նպաստեցին Ռամկավար կուսակցութեան նիւթաբարոյական վերելքին:

Հեղինակը կը թելադրէ ներկայիս պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած անհատներուն, որ տէր կանգնին սոյն կազմակերպութեան:

Եւ կը թելադրէ նաեւ, որ դրոշմեն Ռամկավար կուսակցութեան երախտաւորներուն ոգին` գալիք սերունդներու յիշողութեան մէջ:

Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիր Բարունակ Թովմասեան, իբրեւ սկզբունքի տէր դասախօս եւ կուսակցական ղեկավար, միշտ հետամուտ եղած է այն համոզումին, թէ հարկ է ըլլալ գործնապաշտ: Այս առումով, ան շեշտած է շարունակ «խօսքը գործի վերածելու անհրաժեշտութիւնը»:

Պարոյր Աղպաշեան կը բաղձայ, որ ապագայ սերունդը պատմաբան եւ քաղաքագէտ Գերսամ Ահարոնեանի շրջահայեաց եւ խոհուն մօտեցումով վարէ ՌԱԿ-ի ազգային եւ հասարակական գործերը: Աղպաշեան սոյն կարծիքը կը հիմնաւորէր այն մտածումով, թէ Գերսամ Ահարոնեան Ռամկավար կուսակցութեան շարքերուն մէջ խիստ էր ու խստապահանջ, եւ թէ` «որեւէ դասալքութիւն, պարտուողականութիւն եւ անձնատուութիւն կը պախարակէր խստօրէն»:

Աղպաշեան կ՛ըսէ, թէ փաստաբան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիր մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան եղած է ջատագով օրինականութեան եւ կարգապահութեան: Ան չէր թոյլատրեր, որ ՌԱԿ-ի մէջ տեղի ունենար պառակտում: Ան միայն սէր եւ միութիւն կը պատգամէր գաղափարապաշտ տղոց` փոխանցելով անոնց հետեւեալ թելադրական խօսքը, որ կ՛ըսէ.

– «Տղա՛ք, մեր մօտ բաժանում չկայ, այլ` միացում»:

Պէտք է ըսել, որ «Պատառիկներ` մեծերէն» խորագրեալ հատորին մէջ կան մեծեր, որոնք ունին տարբեր հանգամանք եւ նախասիրութիւն: Անոնք բանաստեղծ են եւ գրականագէտ, արձակագիր եւ գաղափարախօս, երգիծագիր եւ թարգմանիչ արաբագէտ, հրապարակագիր եւ վարժարանի տնօրէն: Անոնք բոլորն ալ բերած են իրենց համապատասխան նպաստը հայ մշակոյթին, հայ դպրոցին, հայ եկեղեցիին եւ իրենց որդեգրած քաղաքական համոզումներուն:

«Պատառիկներ` մեծերէն» խորագրեալ հատորը կը փակուի երգիծագիր եւ խմբագիր Յովհաննէս Աղպաշեանի այն դիպուկ խօսքով, որ կ՛ըսէ.

– «Իմ գաղափարական հաւատամքս իմ ժողովուրդս է»:

Այս ըմբռնումով գրեց Յովհաննէս Աղպաշեան մինչեւ մահ եւ մնաց հաւատարիմ գրագէտի իր կոչումին…:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Նախորդը

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ԽՈՆԱՐՀՈՂ ԾԱՌԵՐ

Յաջորդը

ԴԵՌ ՉԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ. ՍԿԱՈՒՏ ԽՄԲԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԷՐ ԳԵՂԱՐԴ ՊԱՊՕՂԼԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։