22 յունուարին խումբ մը ազրպէյճանցիներ փորձած են խոչընդոտել Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցող «Ֆիթուր» միջազգային զբօսաշրջային տարեկան ցուցահանդէսին Հայաստանի եւ Արցախի միասնական տաղաւարի բնականոն աշխատանքը: Ծրագրաւորուած սադրանքին ընթացքին հնչած են ցեղապաշտական կոչեր: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը:
Անվտանգութեան աշխատակիցներուն կողմէ անմիջապէս քայլեր առնուած են` անկարգ խմբաւորումը կարգի բերելու նպատակով, եւ ոստիկանները ցուցահանդէսի տարածքէն դուրս հանած են սադրիչները:
Հայաստանի եւ Արցախի միասնական տաղաւարը կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը միջազգային ցուցահանդէսին: Տաղաւարը յագեցած է Հայաստանի ու Արցախի մասին պատմող ծանուցողական նիւթերով եւ քարտէսներով, եւ ինչպէս միշտ, մեծ ուշադրութեան արժանացած է այցելուներուն կողմէ:
«Հայաստանի ազգային մրցունակութիւնը պիտի շարունակէ միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ հայկական աշխարհի զբօսաշրջային արդիւնքներու խթանման եւ միջազգային ճանաչելիութեան բարձրացման ուղղուած իր գործունէութիւնը», նշուած է հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է պաշտօնական Մատրիտին` միջազգային ցուցահանդէսին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան առնչութեամբ: Պաքուն ասիկա սադրանք նկատած է: Սպանիոյ մէջ Ազրպէյճանի «դեսպանատունը կը շարունակէ աշխատանքը` հայկական կողմէն սադրանքը դադարեցնելու նպատակով», նշուած է ազրպէյճանական բողոքագիրին մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը 22-26 յունուարին` տեղական զբօսաշրջային 5 ընկերութիւններու հետ գործակցաբար, Հայաստանը կը ներկայացնէ այս միջազգային ցուցահանդէսին: Միեւնոյն տաղաւարին մէջ ներկայացուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցին 167 երկիրներու շուրջ 10 հազար զբօսաշրջային ընկերութիւններ եւ աւելի քան 110 հազար առեւտրային գործակալներ:


