Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Ընդդիմադիր Կուսակցութեան Փոխնախագահը Կ՛առաջարկէ Շիշլիի Փողոցներէն Մէկը Տինքի Անունով Կոչել

January 21, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սեզկին Թանրըքուլու
Սեզկին Թանրըքուլու

«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Սեզկին Թանրըքուլու ներկայացուցած է օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը, որով կ՛առաջարկէ Շիշլիի փողոցներէն մէկը կոչել Հրանդ Տինքի անունով:

Ան առաջարկը պայմանաւորած է ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ յիշատակը վառ պահելու նպատակով պատմութեան մէջ հետք ձգած անձերու պատուին ճամբաներ եւ փողոցներ անուանակոչելու աւանդութեամբ:

«Հանրութեան լուսաւորման հարցին մէջ դեր ունեցած, խաղաղութեան ծառայած, Թուրքիոյ համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցած մարդոց անուններով երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ փողոցներ, ճամբաներ եւ զբօսայգիներ կ՛անուանակոչեն: 19 յունուար 2007-ին սպաննուած լրագրող Հրանդ Տինքի անունն ալ այս երկրին պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ», ըսած է ան:

Թանրըքուլու կ՛ընդգծէ, որ Հրանդ Տինքը սպանողներն ու սպանութեան ետին կանգնած կազմակերպութիւնը կ՛ուզեն թաքցնել: «Այս հանրութեան մէկ կարեւոր մասը իր խղճին առջեւ դատապարտած է զանոնք եւ Հրանդ Տինքին արժանի գնահատական տուած: Տինքի յուղարկաւորութեան արարողութեան հարիւր հազարաւոր մարդիկ անոր նկատմամբ տեղի ունեցածը երբեք չմոռնալու խոստում տուած են», ըսած է Թանրըքուլու:

Ան յիշեցուցած է, որ տակաւին 2010-ին Պոլսոյ նահանգապետարանը մերժած էր Տինքի անունով փողոց անուանակոչելու կոչը եւ նշած, որ փողոցի անուանափոխութիւնը հասցէներու խառնաշփոթ կրնայ յառաջացնել:

«Առանց փողոցներ կամ այգիներ Տինքի անունով անուանակոչելու ալ Տինքի յիշատակը հանրութեան սրտին մէջ վառ պիտի մնայ, սակայն անոր հարազատներուն եւ մերձաւորներուն ցաւը յարգելու համար ատիկա կարեւոր է», ըսած է ընդդիմադիր քաղաքական գործիչը:

Տինքի Յիշատակը Ոգեկոչած Են
Տերսիմի Մէջ

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Տինքի յիշատակին արարողութիւն մը տեղի ունեցած է Տերսիմի Հոզաթ շրջանի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ աւերակներուն մէջ: Արարողութիւնը սկսած է ոչ թէ Տինքին, այլ կոտորուած ամբողջ հայ ժողովուրդին յարգանքի տուրք մատուցելով:

Խօսք արտասանած է Ճեւտեթ Քոնաք, որ նշած է, թէ հաւաքուած են 7 տարի առաջ սպաննուած Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցին եւ 1915-էն ի վեր սպաննուած բոլոր հայ եղբայրներուն յիշատակը յարգելու: «Գիտենք, որ այս հողերը որքան քիւրտերուն ու ալեւիներուն, նոյնքան ալ պատկանած են հայ ժողովուրդին, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք անգամ մը եւս սուգի մատնուած է:  Հրանդը սպաննողները տակաւին չեն բացայայտուած, եւ մեր սրտի ցաւը անցնող ամէն օր աւելի կը մեծնայ: Սակայն այդ ցաւը մեր սրտերուն մէջ պիտի սնուցէ արդարութեան նկատմամբ հաւատք, որ անցնող ամէն օր աւելի պիտի մեծնայ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Հայաստանի Քաղաքացիները Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Ռուսիոյ Մէջ Կրնան Մնալ Միայն 90 Օր

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Հետախուզական Գործողութիւնը Կանխելու Ընթացքին Հայ Զինուոր Մը Նահատակուեցաւ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.