
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիել Քաչիայի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի մասնակցի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին եւ յանձնառու պիտի մնայ ինքզինք սուրիական տագնապէն հեռու պահելու: Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապը լուծուի, որպէսզի Սուրիան վերակառուցուի եւ սուրիացի գաղթականները վերադառնան իրենց երկիրը:
Նախագահ Սլէյման մերժեց Սուրիոյ մէջ որեւէ օտար զինուորական միջամտութիւն, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ միջազգային յաւելեալ օժանդակութիւն ցուցաբերուի` իր վրայ սուրիական տագնապին ունեցած հետեւանքները նուազեցնելու:
Իր կարգին, Քաչիա յայտնեց, որ Միջին Արեւելքը կ՛ապրի զգայուն հանգրուան մը,
սակայն տակաւին կարելի է նշմարել այդ կացութեան յարմար լուծում մը յատկացնելու միջազգային-շրջանային յոյսի նշոյլ մը:
Քաչիա նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը յոյս կը ներշնչէ` երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու առումով:


