Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Փակել Կառավարելի Քաոսի Հանգրուանը

January 20, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1280px-Flags_onu_geneva2Լիբանանեան քաղաքական բեմը մակընթացութիւններու եւ տեղատուութիւններու միջեւ յայտնուած կացութեան մէջ կը գտնուի: Այսպէս, եթէ մէկ կողմէ քաղաքական թնճուկներու հանգուցալուծման միտող յայտարարութիւններ կը կատարուին, միւս կողմէ ապահովական հարթութիւնը անգամ մը եւս կ՛ենթարկուի նոր ցնցումներու: Կառավարութեան կազմութեան ուղղութեամբ դրական նախադրեալներ փոխանցող երեւոյթները կը շատնան, առանց անշուշտ իրողական տուեալներ ճշդելու: Տրամագծօրէն հակադրուած բեւեռներու միջեւ յայտարարողական մակարդակի վրայ փոխասացութիւնները մտածել կու տան, որ տեղաշարժի սկիզբը մօտալուտ է:

Բայց լիբանանեան դիպաշարին հետեւելու փորձառութիւն կուտակած որեւէ մարդու մտքին մէջ կը մրճահարուի թերահաւատութիւնը, որ մետասաներորդ պահու պատրուակ-պատճառային անմիջական հետեւողականութեամբ կրնայ կտրուկ փուլ գալ լաւատեսութիւն կոչուող լիբանանեան խաւաքարտէ դղեակը, եթէ մանաւանդ արտալիբանանեան կեդրոններու մէջ աշխատող կանաչ լոյսերը վերածուին կարմիրի: Այս հանգրուանին կը թուի, որ նարնջագոյն լոյսը դէպի կանաչի անցում կատարելու կարգավիճակին մէջ է եւ ոչ թէ դէպի կարմիր:

«Ժընեւ-2»-ը հետզհետէ տեսանելի կը դառնայ: Յատուկ լուսարձակ կը խլէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, տարածաշրջանային կարեւոր ուժ նկատուող Իրանի գործօնը դրական դերակատարութիւն պէտք է ունենայ սուրիական տագնապի հանգուցալուծման ընթացակարգին մէջ:

Այս մէկուն գուցէ նախանշային իմաստ պէտք է տալ` հիւլէական թղթածրարի հարցով նոր բանակցութիւններու վերաձեռնարկման մօտալուտ ըլլալը նկատի ունենալով: Այս պարունակին մէջ ալ պէտք է դիտարկել Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերահաստատումը, թէ ժամանակը չէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու:

«Ժընեւ-2»-ի տեսանելիութեան զուգահեռ, Լիբանանի նախկին վարչապետին սպանութեան հարցով միջազգային դատարանի նիստերու սկիզբին հետ կապուող երեւոյթներու մեկնաբանութիւնը կարիքը ունի հետագայ ուղղուածութիւններու ձեւաւորման: Ուշագրաւը այն է, որ նախապէս ամբաստանութեան սլաքներու հասցէատիրոջ հետ կառավարութիւն կազմելու պատրաստակամութիւնը կը հրապարակուի այժմ` քաղաքական համեմատական լաւատեսութեան նոր երանգ ապահովելով:

Ապահովական գետինը համապատասխան չէ քաղաքական մակարդակի վրայ արձանագրուող նոր երեւոյթներուն: Հերմելի պայթումէն մինչեւ Արսալի հրթիռակոծումն ու հիւսիսի  վառօդի տակառներուն պայթուցիկութեան չափը մտածել կու տան երկրին ու քաղաքացիներու կեանքերուն սպառնացող լուրջ վտանգներու մասին:

Մինչ, Մոսկուա-Ուաշինկթըն հրադադարի համաձայնութեամբ եւ ՄԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ քիմիական զինաթափումի գործողութիւններու սկիզբով սուրիական տագնապը հիմնական ձեւափոխում կ՛ապրէր: Կառավարական եւ հակակառավարական ուժերու բախումը կը վերածուէր ծայրայեղ կրօնականութեան կողմէ իրականացուող լայնածիր գործողութիւններու բանակին դէմ եւ ապա ներընդդիմադիր ընդհարումներու եւ նոյնիսկ ներծայրայեղական հակամարտութիւններու:

Ծայրայեղականութեան արմատաւորումն ու կայացումը յայտնապէս մտահոգած են Արեւմուտքը: Իրաքի իշխանութիւններուն սանձազերծած մաքրազտման գործողութիւնները մտածել կու տան այս ուղղութեամբ համալիր ծրագիրի մասին:

Այս տրամաբանութեան մէջ կարելի է դիտարկել նաեւ զսպիչ հանգամանքները` Լիբանանը սուրիական տարբերակով չքաոսացնելու: Իրանի գործօնի դրական հանգամանքը տեսնելու կամ իրանամէտ ուժերու հետ կառավարութիւն կազմելու ուղղութեամբ պատրաստակամ ըլլալու: Լիբանանը ծայրայեղականութեան դիմաց դարպասելու նպատակով մինչեւ այս գործիքներու պտուտակներուն ամրացումը, չէ բացառուած, որ այս երկիրը ցնցեն այլ պայթումներ: Կառավարելի քաոսի այս հանգրուանը փակելը անհրաժեշտ է, իսկ այդ հանգրուանին համար նոյնքան անհրաժեշտ` կառավարութեան կազմութիւնը:

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Ցուցարարները Արդարութիւն Կը Պահանջեն Տինքի Հարցով

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.