Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սեւ «Փի. Ար.»` Անմարդկայնօրէն Տեղահանուածներու Ժառանգորդներուն Նկատմամբ

January 17, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Gul-Erdogan-DavutogluԱնգարայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախապատրաստուելու պաշտօնական ազդանշանը տրուած է: Դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ընդհանուր հաւաքին առիթով թէ՛ նախագահ Կիւլին եւ թէ՛ վարչապետ Էրտողանին ցուցմունք-ուղերձները շատ համահունչ են իրարու եւ գրեթէ նոյն բովանդակութիւնը ունին:

Այսպէս. նշելով, որ շուտով կը լրանայ Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակը, եւ հաւանականութիւն կայ, որ Թուրքիան բացասական լոյսի տակ միջազգային օրակարգ գայ, Կիւլ կարեւոր նկատած է համապատասխան աշխատանքներու կատարումը: Ան մասնաւորապէս, յանձնարարած է ընել ամէն կարելին, որպէսզի թրքական պետութիւնը կրկին աշխարհի աչքին փայլի եւ դրական լոյսի տակ երեւի:

Մինչ վարչապետը, իրեն յատուկ ոճով եւ կշռոյթով միեւնոյն ուղերձը փոխանցած է: Ան  խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած հայկական սփիւռքի նախաձեռնութիւններուն մասին: Թուրքական «Տիւնիա պիւլթենի» լրատուական կայքի փոխանցմամբ` Էրտողան նշած է, թէ հայկական սփիւռքը կը պատրաստուի 1915 թուականը միակողմանի ներկայացնելու եւ վերածելու քաղաքական արշաւի: «Այդ սեւ քարոզչութեան առջեւ մենք ամուր պէտք է կանգնինք», ըսած է Էրտողան:

Ըստ անոր, Թուրքիոյ մէջ փորձեր եղած են սրբագրելու պատմութիւնը, այլ կերպ ներկայացնելու, սակայն թուրք ժողովուրդը սուտ պատմութեան մոլորութեան մէջ չէ ինկած:

Եթէ նախագահն ու վարչապետը ուղղակի հարիւրամեակին ակնարկելով յանձնարարութիւններ կը կատարեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներուն, ապա այդ ոլորտը ղեկավարող արտաքին գործոց նախարարը տարբեր ոճ եւ մարտավարութիւն որդեգրած է: Ան Երեւանի Սեւծովեան համաժողովէն ի վեր կը շարունակէ կեդրոնանալ հայ-թուրք յարաբերութիւններու վերաձեռնարկման հաւանական ուղիներուն վրայ` չմոռնալով անշուշտ Պաքուի բաժինը: Տաւութօղլու իր աճպարարական ըսելաձեւերուն մէջ չի մոռնար նաեւ սփիւռքը` թրքական սփիւռքի նշանաւոր տեսութիւնը տարբեր առիթներով կրկնելով:

Թրքական ներիշխանական դերերու բաշխումի պատկերը մօտաւորապէս հետեւեալը կը պարզէ. մինչ Կիւլ-Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կը վերածեն Թուրքիոյ դիմագիծը միջազգային հարթութեան վրայ պայծառացնելու առիթի, թուրք արտաքին գործոց նախարարը «թրքական սփիւռք»-ի տեսութեան գործնականացման բեմագրութիւններ կը սեւագրէ: Պարզ է տրամաբանութիւնը: Հայկական այսօրուան սփիւռքը շառաւիղն է Օսմանեան կայսրութեան նախկին քաղաքացի հայերու. ուրեմն անոնք «անմարդկայնօրէն տեղահանուած»-ներու ժառանգորդներն են, որոնց իրաւունք կը տրուի վերադառնալու իրենց երկիրը: Աւելի՛ն. ոչ միայն վերադառնալու, այլ վերատիրանալու իրենց ինչքերուն, կալուածներուն, կամ հատուցում ստանալու այդ բոլորին դիմաց: Բնականաբար, անմարդկայնօրէն տեղահանուածներու ժառանգորդները նախ եւ առաջ պէտք է վերականգնեն իրենց քաղաքացիութիւնը եւ վերջին հերթին իրաւականօրէն հաստատեն, որ իրենց իրաւունքները լրիւ ստացած են, այս պարագային զիրենք անմարդկայնօրէն տեղահանածներու ժառանգորդներուն  կողմէ:

Էրտողանի համոզումով Թուրքիոյ դէմ սեւ «Փի. Ար.» իրականացնողները Տաւութօղլուի բանաձեւումով անմարդկայնօրէն տեղահանուածներուն ժառանգորդներն են:

Երկու այս մօտեցումներուն առանքներուն մէջ կը թուի, թէ Անգարա պիտի շարունակէ իրականացնել սեւ «Փի. Ար.» անմարդկայնօրէն տեղահանուածներու ժառանգորդներուն նկատմամբ: Իսկ այս մէկը Կիւլ- Էրտողան-Տաւութօղլու եռեակին համոզումով պիտի պայծառացնէ Թուրքիոյ դիմագիծը միջազգային հարթութեան վրայ:

«Ա.»

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Զօրացնէ Պայքարը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Ընդունման Համար

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.