
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ:
Քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ 15 յունուարին Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց դրամատնային եւ ելեւմտական հարցեր:
Սալամէ հաստատեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է` աւելցնելով, որ 2013-ին պահ դրուած գումարները շուրջ 140 միլիառ տոլարի կը հասնին:
Միքաթի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան նպատակով ի գործ դրուող ջանքերը:


