«Ազդակ»-ի նկարահանած եւ կայքին վրայ տեղադրուած հարցազրոյցը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ, ստորեւ կը ներկայացնենք որոշ յապաւումներով եւ ոճային մանր փոփոխութիւններով: Հարցազրոյցի արտագրումն ու խմբագրումը կատարեցինք` տրուած ըլլալով, որ նկարահանուած տարբերակը թեքնիք որոշ խանգարումի իբրեւ հետեւանք կրած է լսելիութեան հարց:
«Ա.»
2013-ի, յատկապէս` վերջին երկու ամիսներուն, երեք իրերայաջորդ դէպքեր արձանագրուեցան հայութեան կեանքին մէջ: Առաջին հոլովոյթը ընթացք առաւ, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայէն յայտարարեց Մաքսային միութեան միանալու իր որոշումը: Երկրորդը` 12 դեկտեմբեր 2013-ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Երեւան այցելութիւնը, եւ երրորդ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը խօսքի ազատութեամբ արդարացնող Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանի վճիռը: Այս երեք կարեւոր հարցերուն շուրջ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր` Վահրամ Էմմիեան զրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ:
Ստորեւ, զրոյցին հիմնական մասերը:
* * *
«ԱԶԴԱԿ».- Անդրադառնալով Մաքսային միութեան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք անոր ազդեցութիւնը Հայաստանի գերիշխանութեան, ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան վրայ:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Մաքսային միութեան միանալու որոշումը թէեւ շատ յանկարծակի ձեւով եղաւ, բայց անակնկալ չէր: Երկու դարերէ ի վեր Հայաստանի, հայկական աշխարհի ռազմավարական, աշխարհագրական դիրքը հո՛ն է` հիմնականին մէջ ապահովական նկատառումներով: Իսկ եթէ ապահովական նկատառումները Հայաստանի ժողովուրդը եւ կառավարութիւնը կը մղեն հիւսիսի դրացիին գիրկը` հասկնալի է, որ դէպի հոն ընթանան նաեւ միւս մարզերը, որոնք կրնան ապահովութեան հետ չառնչուիլ. օրինակ` տնտեսութիւնը, կրթութիւնը, մշակոյթը եւ այլն: Գիտենք, որ վերջ ի վերջոյ Հայաստան կապուած է Ռուսիոյ, առանց սակայն մերժելու Արեւմուտքը:
Միւս կողմէ` հայութեան ռուսասիրութեան վրայ շեշտաւորումը չափազանցուած է: Բայց վերջ ի վերջոյ, գիտենք, որ կան առհաւական կեցուածքներ, որոնցմէ մէկն է հայութեան եւ Ռուսիոյ հետ այդ կապը, մանաւանդ ներկայի պայմաններուն մէջ` վերջին երկու տասնամեակներու Թուրքիոյ բացայայտ դիրքորոշումներու լոյսին տակ: Այս բոլորին մէջ Հայաստանին ուրիշ ընելիք չի մնար: Հաւանաբար այս որոշումէն անակնկալի գալուն պատճառը յայտարարութեան ձեւը եւ վայրն էին. եղածը պարտադիր ընտրանքի մը տպաւորութիւնը թողուց, բայց նոյնիսկ եթէ ազատ ընտրանք ըլլար ատիկա, ես կը կարծեմ, թէ տարբեր բան պիտի չկատարուէր: Այս առնչութեամբ ճնշում բանեցնելու երեւոյթին մասին ըսեմ, որ միշտ ալ պետութիւններ տարբեր ձեւերով ճնշման տակ կ’առնեն այլ պետութիւններ: Դժբախտութիւնը այն է, որ այս պարագային երբ ա՛յս ձեւով կ’ընթանան դէպքերը, հոգեբանական այն ճնշումը, որ արդէն կայ հայութեան վրայ, քիչ մը աւելի զգալի կը դառնայ: Ա՛յդ է Հայաստանի իշխանութիւններու թերութիւնը, որ անընդունելի ձեւով կ’ենթարկուին այդ ճնշումներուն, որոնք կը բանեցուին ոչ միայն Ռուսիոյ, այլ նաեւ ուրիշ կողմերու, նաեւ` Թուրքիո՛յ կողմէ:
Կան նաեւ ուրիշ ճնշումներ, որոնք այսօր իսկ Հայաստանի եւ հայկական քաղաքական բեմին վրայ կը բանեցուին, բայց մենք այդ ճնշումները չենք զգար, որովհետեւ աւելի խելացի ձեւով կը կատարուին անոնք:
«Ա.».- Թերեւս բուն հարցը այս որոշումի որդեգրման մեքանիզմն է: Որեւէ քաղաքակիրթ երկրի մէջ այսպիսի տարողութեամբ որոշում տալու նախօրեակին ամիսներով քննարկում կ՛ըլլայ մամուլին մէջ, մասնագէտներու ճամբով հանրաքուէի կը դրուի եւ ի վերջոյ ղեկավարութիւնը այդ բոլորի լոյսին տակ որոշում կը կայացնէ: Սակայն այդ մէկը չեղաւ, յանկարծ որոշում տրուեցաւ եւ վերջ:
Մ. Մ.- Ճիշդ է, թէեւ պէտք է ըսել, որ այս գործընթացը սկսած էր վերջին յայտարարութիւններէն շատ առաջ. սակայն կար այն կարծիքը, որ տակաւին բաւական ժամանակ կայ այդ մասին մտածելու: Յայտարարութիւնը մէկ անգամէն եղաւ եւ ձգեց այն տպաւորութիւնը, թէ բիրտ ճնշում իրապէս բանեցուած է. ասիկա ճիշդ կրնայ ըլլալ: Սակայն շատ աւելի բիրտ եղաւ ժողովուրդին հակազդեցութիւնը. ինչպէս արդէն ըսի, ինծի համար յստակ է, թէ Հայաստանի վրայ ճնշում ըլլայ կամ չըլլայ, որքան ես կը հասկնամ, որքան ես կը տեսնեմ, Հայաստանի բնակիչ հայութեան դիրքորոշումը, Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը եւ նաեւ սփիւռքահայութեան մէկ հսկայ զանգուածին դիրքորոշումը միայն ա՛յս կրնայ ըլլալ. այսինքն` ապահովական մարզին մէջ եթէ համաձայնութիւն ըլլայ, մնացեալները ինքնաբերաբար կը հետեւին:
«Ա.».- Զգալի տարբերութիւն կայ Ուքրանիոյ պարագային, ուր բարձրացած աղմուկը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, իսկ Հայաստանի մէջ կայ լռութիւն մը, բացի մէկ պարագայէ, որ եղաւ Փութինի այցելութեան ընթացքին, որ կարծէք առաւելաբար հակափութին ցոյց էր, քան` հակառուսական:
Մ. Մ.- Գիտէք, նախ երկու երկիրներ, երկու ժողովուրդներ բաղդատելը ճիշդ չեմ գտներ, որովհետեւ Ուքրանիան հսկայ երկիր է, Հայաստանը` փոքր: Հայաստան միակտուր, միատեսակ բնակչութեամբ երկիր է, մինչդեռ Ուքրանիոյ մէջ յստակ բաժանում կայ, թէ՛ մշակութային, թէ՛ նաեւ քաղաքական նախասիրութիւններու: Ուքրանիոյ արեւելքը ռուսամէտ է, իսկ արեւմուտքը, կրնամ ըսել, այդքան ալ ռուսամէտ չէ: Չեմ ըսեր անպայման գերմանասէր, եւրոպասէր է, բայց արդէն ալ ռուսամէտ չէ: Այդտեղը նորէն դեր կը խաղան մշակութային ուղղութիւնները. Ուքրանիան ունի երկփեղկուած հասարակութիւն: Այնպէս որ երկուքին միջեւ այդ բաղդատականը ես պիտի չընեմ: Հիմա 100 հազար, 200 հազար մարդոց հաւաքուիլը անշուշտ ժողովուրդ է: Բայց ես մնացեալ միլիոններու կարծիքը չեմ կրնար այս ձեւով չափել. ազատ ընտրութիւն կ’ըլլայ, եթէ ազատ ըլլայ, այն ատեն ժողովուրդը ինքզինք կ’արտայայտէ: Ցոյց մը կազմակերպելը արուեստ է, արուեստի վերածուած է: Այսօրուան ցոյցերը այնքան ալ ինքնաբուխ չեն:
Պատմութեան կը պատկանին նախորդ դարու 70-ական թուականներու երիտասարդական ցոյցերը, որոնք Վիեթնամի պատերազմին դէմ կ’ըլլային, խաղաղասիրական ցոյցեր էին, բռնատիրութեան եւ դրամատիրութեան դէմ կ’ըլլային. անոնք շատ աւելի ինքնաբուխ էին, քան այսօրուան ցոյցերը, որոնք տեղի կ’ունենան շատ անգամ ելեկտրոնային սարքերո՛վ ղեկավարուող քարոզչութեամբ: Ատենին գործածուած քարոզչական միջոցները թէեւ շատ նախնական էին, սակայն շատ աւելի գաղափարական մօտեցումներ կային, քան այսօր: Այդ է պատճառը, որ ժամանակին սկսուած պոռթկում մը իր լրումին կը հասնէր, իսկ այսօր հազիւ կ’ունենանք այն տպաւորութիւնը, որ երիտասարդութիւնը, հասարակութիւնը զարթնում կ’ապրի, բայց հազիւ կէսին հասած կը նկատես, որ արդէն ամէն բան մարած է: Այնպէս որ նոյնը չէ երկու երկիրներուն պարագան, չեմ կրնար ըսել, թէ ժողովրդային ընդվզում է, զգուշ եմ այդ արտայայտութիւններուն մէջ, այդ վերջնական ու բացարձակ կարծիքներու բիւրեղացման մէջ: Բայց այդ բոլորը ժողովրդավարութեան աստիճանէն կախեալ է: Արեւելքի մէջ գիտենք, որ ժողովրդավարութիւն չկայ, բայց արեւմուտքի մէջ արդեօք կա՞յ ժողովրդավարութիւն: Ասիկա հարցական մըն է, որ պէտք է լուսաբանել: Եթէ ես իմ հակակշիռիս տակ առած եմ բոլոր լրատուական միջոցները եւ առտուընէ մինչեւ իրիկուն նոյն բանը կը հրամցնեմ ժողովուրդին, այդ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կարծիք պիտի կազմէ, ինչպէ՞ս պիտի կողմնորոշուի:
«Ա.».- Իսկ արտաքին աշխարհին վերաբերումը տարբեր եղաւ Ուքրանիոյ եւ Հայաստանի գծով:
Մ. Մ.- Կայ այն մտածումը, որ հայերը վերջ ի վերջոյ փոքր ժողովուրդ են, արեւելքէն ազերիները կան, իսկ արեւմուտքէն` թուրքերը: Բայց եկէք նաեւ իրապաշտ ըլլանք, կարեւորութեան իմաստով, համաշխարհային բեմին վրայ Հայաստան բան մը կը ներկայացնէ անշուշտ, բայց մանաւանդ տնտեսական հսկայ Եւրոպան շահագրգռուած է աւելի Ուքրանիայով, քան` Հայաստանով: Հայաստանը չբաղդատենք հսկայ պետութեան հետ: Հսկայ պէտք է ըլլանք, որպէսզի այդպիսի բաղդատական կատարենք:
«Ա.».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Երեւան այցելութիւնը ունէր երկու ծալքեր` հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը: Հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով ի՞նչ կարծիք ունիք:
Մ. Մ.- Դասական դարձած տեսակէտները միշտ յարգելի են, բայց ես այդ այցելութեան մէջ հայկական փոքր յաղթանակ մը կը տեսնեմ վերջ ի վերջոյ: Կը յիշեմ պատանեկութիւնս, 1965-ի 50-ամեակէն առաջ, թէ հայկական տեսակէտները ի՞նչ աննշմարելի արձագանգ ունէին աշխարհի մէջ: Իսկ այսօր այդ արձագանգը մենք կը տեսնենք. ատիկա կը պարտինք անշուշտ սփիւռքահայութեան տարած պայքարին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման տեսակէտէն. այսօր նաեւ` Հայաստանի պետականութեան, մանաւանդ որ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ տեսակէտները նոյնացան այդ ուղղութեամբ: Աննշան բան չէ լսել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին բերնէն, որ «տեղահանութիւն եղած է», եւ որ` «տեղահանութիւնը անմարդկային բան էր»: Ասիկա ընդունիլ է, որ տեղահանութիւն եղած է:
Ցեղասպանութիւն չ’ըսեր, ոչ ալ պիտի ըսէ թերեւս յաջորդող 10-20 տարիներուն, սակայն ես պարտաւոր եմ հաշուի նստելու այն երեւոյթին հետ, որ այսօր Թուրքիոյ փողոցները կրնաս ցեղասպանութիւն բառը լսել, թերթերու մէջ կարդալ, պաստառներու վրայ տեսնել. սրահ մը մտնել, ուր Հայոց ցեղասպանութեան մասին խորհրդաժողով կը գումարուի: Ասկէ հինգ տարի առաջ արգիլուած էր, կարելի բան չէր ասիկա, մարդիկ կը վախնային այդ բառերը գործածելէ, կը վախնային հայութեան մասին խօսելէ, կը վախնային հայերէն խօսելէ: Իսկ այսօր, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը խօսի անմարդկային տեղահանութեան մասին, այսինքն ցեղասպանութիւն բառէն միայն երկու քայլ անդին է: Ասիկա մենք պէտք եղած ձեւով չքննարկեցինք, չգնահատեցինք. այս երեւոյթը պայքարի արդիւնք է, աշխատանքի արդիւնք է. այս բաները պէտք է տեսնենք, ինքնաբերաբար տեղի չունեցան ասոնք: Սակայն այցելութիւնը շօշափելի արդիւնք չտուաւ, ոչ դրական, ոչ ժխտական. թէ՛ հայկական թէ՛ թրքական տեսանկիւնէ, որովհետեւ այցելութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցաւ ուրիշ ժողովի մը ծիրին մէջ: Ո՛չ թրքական կողմը խանդավառութիւն ցոյց տուաւ, ո՛չ ալ հայկական կողմը, որովհետեւ հայկական դիւանագիտական կողմը կարծես վերջին հինգ-վեց տարիներուն բան մը սորվեցաւ, որովհետեւ այնքան ալ դիւրին չէ յանկարծ ամէն բան մէկ կողմ դնել եւ ըսել, թէ ասիկա կը ստորագրեմ:
Քիչ առաջ ճնշումի մասին կը խօսէինք, այն ատեն ալ ճնշումի խօսք եղաւ եւ աւելի բացայայտ էր հոն ճնշումը: Արդարեւ, Հայաստանի` փոքր երկրին եւ աւելի մեծ երկրի` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները նստած են, արձանագրութիւնները կը ստորագրեն, անոնց ետեւ կանգնած են մեծ պետութիւններու նախարարներ. ասիկա ահաւոր բան է, եւ ճնշումը այդ է, հո՛ն կը զգացուէր ճնշումը: Այս շրջանին մէկ բան կը զարմացնէ մեզ, թէ այդ ստորագրութիւնները ինչո՞ւ յետս չկոչուեցան: Հայաստանի իշխանութիւնը կ՛ըսէ. «Հիմա աշխարհ կը տեսնէ, ես պատրաստ եմ ստորագրելու, իրենք չեն ստորագրեր»: Միջազգային դիւանագիտութեան մէջ արտօնուածը յոռեգոյն պարագային` «այո,՛ բայց»-ն է, «ոչ» ըսես կը նշանակէ դուն լաւ մէկը չես: Գանգատիլ, «ոչ» ըսել, «համաձայն չեմ» ըսել` դիւանագիտութեան մէջ արտօնուած չէ:
«Ա.».- Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի ծիրին մէջ, Տաւութօղլուի Երեւան այցելութիւնը Ալիեւ-Սարգսեան հանդիպումէն անմիջապէս ետք եղաւ, արդեօք Թուրքիա Երեւան ժամանելով կ՛ուզէ ձեւով մը «վարձատրե՞լ» Հայաստանը, նկատի ունենալով թէ դրական զարգացում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ու հիմա կ՛ուզէ դրական քայլ մը ունենալ (Հայաստանի նկատմամբ):
Մ. Մ.- Ես առայժմ այդ ուղղութեամբ բան չեմ տեսներ, որովհետեւ թուրքերը միշտ ալ ըսած են, որ «մեր ազերի եղբայրները չենք նեղացներ», բայց չեմ կարծեր Ղարաբաղի հարցով այս այցելութեամբ Հայաստան վարձատրուեցաւ: Տաւութօղլու եւս քննադատուեցաւ իր վերադարձին, մանաւանդ ընդդիմութեան կողմէ Հայաստան երթալէ առաջ իր ըրած յայտարարութեան համար:
«Ա.».- Տաւութօղլուի այցելութեան առիթով նաեւ փոքրաթիւ մասնակիցներով ցոյց մը կատարուեցաւ եւ ստեղծեց երկու տպաւորութիւն, թէ` անիկա ծայրայեղ փոքրամասնութեան մը արարքն էր եւ` լռելեայն մեծամասնութիւնը Հայաստանի շրջափակման հարցով հետաքրքրուած չէ, անոր համար չմասնակցեցաւ ցոյցին:
Մ. Մ.- Կարծեմ սխալ մեկնաբանուած է. ցուցարարներուն փոքրաթիւ ըլլալը այս հարցով Ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդին, Երեւանի ժողովուրդին, հայ-թուրք յարաբերութիւններուն, Ցեղասպանութեան հարցով շահագրգռուած չըլլալ չէ, այլ ընդհակառակը այդ այցելութեան կարեւոր չըլլալը, որովհետեւ նոյն այդ ժողովուրդը երբ ատենին արձանագրութիւնները պիտի ստորագրուէին տասնեակ հազարներով փողոց իջաւ, որովհետեւ այդտեղ կարծիք տալու հարց կար: Այստեղ կարծիք տալու կարիք չզգաց ժողովուրդը: Մինչդեռ հոն եկած էր զգացնելու. «Սփիւռքը համաձայն չէ, պրն. նախագահ, մե՛նք ալ համաձայն չենք»:
«Ա.».- Վերջերս մարդկային իրաւանց Եւրոպայի դատարանը վճիռ մը արձակեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին գծով, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ վճիռը:
Մ. Մ.- Գիտէք դատարանները միշտ որոշ քաղաքական գունաւորում կ՛ունենան. չեմ ըսեր ներքին` ազգային դատարանները, որոնք մանր կամ մեծ ոճիրներ, թերութիւններ, սխալներ կը դատեն: Ակնարկս միջազգային դատարաններուն կը վերաբերի: Միջազգային դատարանը անպայման քաղաքական գունաւորում կ’ունենայ: Կայ` Լա Հէյի միջազգային դատարանը. դուք կը տեսնէք, թէ հոն դատուողը առհասարակ պարտուած կողմի մը ղեկավարութիւնն է: Յաղթական ոճրագործը երբեք չէ դատուած այսպիսի դատարանէ: Ցեղասպանութիւնը միայն արդարութեան հարց չէ, նաեւ քաղաքակա՛ն հարց է: Մնացեալը` խօսքի ազատութեան խնդիր է. փաստաբան չեմ, օրէնսգէտ չեմ, որպէսզի ձեզի օրէնքներու հիման վրայ բացատրեմ: Բայց շատ յստակ է, մեզի համար յստակ պէտք է ըլլայ` Թուրքիոյ քաղաքական կշիռը շատ աւելի մեծ է, քան` մերը: Ինչո՞ւ համար Միացեալ Նահանգներու մէջ չեն ձգեր, որ (Հայոց ցեղասպանութեան) բանաձեւը խորհրդարան երթայ եւ քուէարկուի: Երբ այդ հանգրուանին հասնի, իշխանութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ, որ հայանպաստ բանաձեւը խորհրդարան չմտնէ, որովհետեւ ան գիտէ, որ երեսփոխանները քաղաքական հաշիւ չեն ըներ անպայման. անոնք հաշիւ կու տան միայն իրենց խղճին եւ քուէարկող հասարակութեան: Մեր մօտեցումը այս հարցով միշտ շատ զգացական եղած է:
Ճափոնցիները, օրինակ, ցեղասպանութեան չեն ենթարկուած, սակայն պատերազմի վերջաւորութեան ահաւոր ապտակ մը ստացած են: Անոնք պարտուեցան հիւլէական զէնքերու գործածութեան իբրեւ հետեւանք. աշխարհին վրայ պատերազմի մը ընթացքին երկու անգամ հիւլէական ռումբ պայթած է, այդ ալ Ճափոնի վրայ: Ցեղասպանութեան նկատառումով կատարուած չէր, բայց տասնեակ հազարներով մարդիկ ոչնչացուած էին: Անոնք պաղարիւն մտածեցին` «մենք պարտուեցանք, որովհետեւ տկար էինք. մենք ասկէ յետոյ այսքան տկար ըլլալու իրաւունք չունինք, պէտք է զօրանանք»: Ձեռնարկեցին գործի եւ կարճ ատեն ետք դարձան աշխարհի հզօրագոյն տնտեսութիւններէն մէկը:
Հայութեան մօտեցումը նոյնը չեղաւ: Ես չեմ ըսեր, որ զգացական պիտի չըլլանք. վերջ ի վերջոյ կատարուածը Ցեղասպանութի՛ւն է: Սակայն ճափոնական ուղին, այսինքն` հզօրացման ուղին դեռ լուրջ կերպով նկատի չէ առնուած: Գիտէք ի՞նչ կը յատկանշէ ժողովուրդ մը. ըստ ինծի` ազգային, հաւաքական նուազագոյն ծրագիրը: Այդ ծրագրի սահմանումը մէկ պէտք է ըլլայ, կարելի չէ տարբեր ընդհանրական ծրագիրներ ունենալ: Իսկ այդպիսի ազգային համաձայնութիւն հայութեան մօտ տակաւին չէ գոյացած: Կը յուսամ, որ (Ցեղասպանութեան) 100-ամեակի առթիւ այդ ազգային նուազագոյն ծրագիրը կեանք կ՛առնէ: Ասիկա կ՛ըսեմ, որովհետեւ յուսադրիչ երեւոյթներ կան:
«Ա.».- Արդեօք 2014-ին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին կամ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ինչպիսի՞ զարգացումներ կը նախատեսուին:
Մ. Մ.- Կը կարծեմ, թէ անակնկալ նորութիւններ չեն ըլլար 2014-ին, որովհետեւ հակառակ երեւոյթներուն, կացութիւնը շատ աւելի յստակ է հիմա, քան` անցեալ կամ նախանցեալ տարի: Եթէ այդ երկու տարիներուն բան չպատահեցաւ, կը կարծեմ 2014-ին եւս մեծ բան տեղի չ’ունենար:


