
«Խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութեան համար համամասնական դրութեան որդեգրումը հոգածութեան արժանի քայլ մըն է, որուն կիրարկումով կրնանք լիբանանեան իրավիճակը փոխադրել դէպի իսկական ժողովրդավարութիւն», յայտարարեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ` ընդունելէ ետք «Պետութեան հաստատման քաղաքային նախաձեռնութեան» պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի:


