Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունուարի Երկրորդ Կիսուն Նալբանդեան Եւ Մամետեարով Պիտի Հանդիպին Փարիզի Մէջ

January 9, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիմայի մէջ պաշտօնական այցելութեամբ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 7 յունուարին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ծաւալուն ելոյթ ունեցաւ Փերուի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներուն առջեւ:

Էդուարդ Նալբանդեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայ-փերուական յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով Լիմայի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները, լատինամերիկեան եւ այլ շրջաններու հետ Հայաստանի փոխադարձ գործակցութիւնը, միջազգային եւ շրջանային շարք մը խնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը մանրամասն ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը` ընդգծելով, որ Հայաստան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ միասին պիտի շարունակէ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղուած հոլովոյթը:

Նախարար Նալբանդեան նաեւ նշեց, որ յունուարի երկրորդ կիսուն Փարիզի մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հանդիպումը: Ելոյթէն ետք նախարար Նալբանդեան պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:

Հանդիպում` Փերուի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Nalbandian_Peruvian-FM-a6 յունուարին սկսաւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Փերու պաշտօնական այցելութիւնը:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ Նալբանդեանի եւ Փերուի արտաքին գործոց նախարար Էտա Ռիվաս Ֆրանչինիի հանդիպումը, որ սկսաւ դռնփակ զրոյցի ձեւաչափով եւ շարունակուեցաւ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Փերուի արտաքին գործոց նախարարը ողջունեց 21 տարիներ առաջ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի Լիմա առաջին այցելութիւնը եւ ընդգծեց, որ այցելութիւնը կարելիութիւն կու տայ քննարկելու եւ բացայայտելու փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան մարզերը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է նոր գործընկերներու ձեռքբերումը, տարբեր աշխարհամասերու մէջ Հայաստանի բարեկամներու թիւի բարձրացումը եւ ատիկա իր այցելութեան հիմնական նպատակն է:

Հանդիպման ընթացքին նախարարներ Նալբանդեան եւ Ռիվաս միտքեր փոխանակեցին քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, ապակեդրոնացուած փոխադարձ գործակցութեան խթանման, կրթութեան, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան հաստատման նպատակով իրականացուելիք միացեալ քայլերուն շուրջ:

Երկու նախարարները համաձայնութիւն ձեռք բերին Երեւանի եւ Լիմայի մէջ համատեղութեան կարգով դեսպաններու հաւատարմագրման, պատուոյ հիւպատոսներու նշանակման, իրաւական-պայմանագրային դաշտի ձեւաւորման, արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններու կայացման, միջազգային կառոյցներուն մէջ համագործակցութեան սերտացման, տնտեսական մարզի շրջանակային համաձայնագիրներու, մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման վերաբերեալ համաձայնագիրներու մշակման եւ յառաջիկայ բարձր մակարդակի հանդիպման ընթացքին անոնց ստորագրման վերաբերեալ:

Իր կարգին, նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մասին, ղարաբաղեան տագնապի լուծման նպատակով Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ կատարուող քայլերուն վերաբերեալ:

Հանդիպումէն ետք Էտա Ռիվաս պաշտօնական ճաշկերոյթ սարքեց ի պատիւ Էդուարդ Նալբանդեանի: Ճաշկերոյթին կը մասնակցէին նաեւ Փերուի արտաքին առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մակալի Սիլվա, Փերուի խորհրդարանի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

 

 

Նախորդը

Կենսաթոշակներու Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ Պայքարը Պիտի Շարունակուի

Յաջորդը

«Կը Պահանջեմ, Որ Ժողովրդավարական Իրաւունքներս Ճանչցուին» Յայտարարեց Արամ Արք. Աթեշեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։