Քոլայի շրջանին մէջ երէկ յետմիջօրէին իրարանցում մը ստեղծուեցաւ, երբ ականուած ինքնաշարժի մը գոյութեան մասին տեղեկութիւններ տարածուեցան:
Շրջան ժամանեցին ապահովութեան ուժերն ու բանակի սակրաւորները, որոնք ստուգելէ ետք ինքնաշարժը բացայայտեցին, որ անիկա ականուած չէ:
Նշենք, որ այս քայլերը պատճառեցին երթեւեկի խճողում մը, որ քանի մը ժամ ետք աւարտեցաւ եւ երթեւեկը սովորական վիճակին վերադարձաւ:


