
Աֆղանիստանի սահմանապահ ուժերը ձերբակալեցին տասը տարեկան աֆղան աղջնակ մը, որ կը մտադրէր հարաւային Աֆղանիստանի Հալմանտ նահանգին մէջ սահմանապահ ուժերու մէկ կեդրոնին դէմ անձնասպանական գործողութիւն կատարել:
Ըստ աֆղան գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատարներու, Սապուկամի կոչուող աղջնակը զինուորագրուած ու մարզուած է աֆղանական Թալեպան շարժումի անդամ իր եղբօր կողմէ:
Այս մարտավարութիւնը Թալեպան շարժումին համար նորութիւն մը չէ: Շարժումը երբեմն անձնասպանական գործողութեանց շղթայազերծման համար մանուկներ կ՛օգտագործէ:
Նշենք, որ աֆղան ապահովական ուժերը վերջերս անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու պատրաստուող մանուկներ ձերբակալեցին, սակայն Աֆղանիստանի նախագահ Համետ Քարզայի հրամանով զանոնք ազատ արձակեցին:


