Rosblat.ru կայքէջը` յղում կատարելով «Թէ.Ռէ.Թէ.Թիւրք»-ին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ մօտ օրէն չորս մեթր բարձրութեամբ պատ պիտի կառուցէ:
Պատը պիտի կառուցուի հարաւարեւելեան Այնթապ նահանգի եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ:
Անցեալ տարուան գարնան Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ արդէն պատ կառուցուած է նաեւ փշալարերով. ատոր 2.5 քիլոմեթր հատուածին վրայ հսկողութեան համար տեսախցիկներ տեղադրուած են:
Աշնան սկսած էր շինարարութիւնը սահմանամերձ Նուսայպին (Մծբին) քաղաքին մօտ, սակայն դադրեցուած էր քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան աջակից բնակիչներու բողոքէն ետք:


