Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՍԱՏԻ ՃԱՌԻՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ`

June 22, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ կը զօրակցին նախագահ Ասատին

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վեց օրուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ կացութիւնն ու Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆին տապալելու ջանքերը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «երկու ղեկավարները համաձայն գտնուած են, որ սուրիական կառավարութիւնը պէտք է հիմա վերջ տայ բիրտ ուժի կիրարկման եւ անյապաղ սուրիացի ժողովուրդին ժողովրդավարական ձգտումները յարգող իմաստալից բարեփոխումներ կատարէ»: Երկու ղեկավարները նաեւ համաձայն գտնուած են միջինարեւելեան համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութեան մը հասնելու կարեւորութեան շուրջ:

Օպամայի եւ Էրտողանի նախկին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած էր 14 յունիսին:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Լոնտոնի մէջ լոյս տեսնող «Հայաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը փափաքէր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երկուշաբթի օր արտասանած իր ճառին մէջ աւելի յստակ եւ ճշգրիտ արտայայտութիւններ օգտագործէր: Ան ըսաւ, որ ճառը «երկրին մէջ ներկայ կացութեան գնահատականի մը կը նմանէր»: «Լսեցի Ասատի` օգոստոսի վերջաւորութեան մասին իբրեւ ճշդուած թուական խօսիլը. պիտի փափաքէի, որ ան ճշգրիտ կերպով յայտնած ըլլար, թէ Սուրիան միջազգային դէտերու ներկայութեամբ ազատ եւ պարկեշտ ընտրութիւններու ճամբով այդ թուականին դէպի բազմակուսակցական դրութիւն անցում պիտի կատարէ, ցուցարարներու դէմ բիրտ ուժի կիրարկումը ամբողջովին պիտի դադրի եւ ինք Սուրիոյ մէջ բիրտ ուժի չդիմող իւրաքանչիւր անձի տեսակէտի եւ խօսքի ազատութիւնը պիտի երաշխաւորէ»:

Ան վստահեցուց, որ «Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ բարեփոխումներու հարցով այն բոլորը, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ խորհրդակցութեան եւ տեսակէտներու փոխանակման ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ, եւ ոչ թէ թելադրանքի կամ հրամանի»:  Ան զգուշացուց, որ ժամանակը շատ արագ կ՛անցնի եւ «փողոցին համբերութիւնը կը սպառի», սակայն մերժեց Սուրիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի որեւէ միջամտութիւն: Կիւլ մերժեց Սուրիոյ դէմ միջազգային պատժամիջոցներու հաստատման որոշումի մը Թուրքիոյ զօրակցութեան հաւանականութեան մասին որեւէ մեկնաբանութիւն կատարել:

Նշենք, որ Կիւլ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Ասատի ճառը «անբաւարար» էր: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթըրֆելը իր կարգին յայտնած էր, որ Ասատի ճառը «անյուսալի, եւ ըստ երեւոյթին ժամանակի նշանները չհասկցած» անձի մը ճառ է, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահէն կ՛ուզէ «գործեր եւ ոչ թէ խօսքեր»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նախատեսեց, որ Ասատի վարչակարգը յառաջիկայ երեքէն վեց ամսուան ընթացքին կը տապալի, որովհետեւ ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժի դիմելուն համար իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է: «Անձնական տեսակէտս այն է, որ Ասատ դէպի տապալում տանող ճամբուն վրայ ետդարձը բացառող կէտը շրջանցած է», ըսաւ ան: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ իր կարգին նախատեսեց, որ Թունուզի եւ Եգիպտոսի նախագահներէն ետք Արաբական գարնան կողմէ տապալող յաջորդ նախագահը Ասատը ըլլայ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ «նախագահ Պաշշար Ասատի համար ժամանակը սկսած է սպառիլ»` նշելով, որ «անոր ճառը անոր մեկուսացումը կը հաստատէ»: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճառը նորութիւն չէր բովանդակէր, եւ սուրիացի ժողովուրին ու միջազգային համայնքին հրամցուց նոյն խօսքը` առանց գործերու»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահը երէկ 20 յունիսէն առաջ գործուած ոճիրներուն համար համաներում շնորհող հրամանագիր մը հրապարակեց:  Միջազգային կարմիր խաչը իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիա համաձայն գտնուած է Միջազգային կարմիր խաչին` Սուրիոյ իրադարձութեանց թատերաբեմ դարձած շրջաններ այցելելուն եւ բնակչութեան հետ կապ հաստատելուն, ինչպէս նաեւ վերջին իրադարձութեանց ընթացքին ձերբակալուած անձերու այցելութեան արտօնութիւն տալու հարցը կը քննարկէ:

Ֆրանսա երէկ յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ երկար ատեն լուր չի կրնար մնալ, սակայն Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին իր կարգին նշեց, որ գերիշխան երկրի մը ներքին հարցերուն միջամտութեան «հորիզոնը փակ է»:

Միւս կողմէ, երէկ սուրիացի ժողովուրդը` զօրավիգ կանգնելով նախագահ Ասատի յայտարարած բարեփոխումներուն, Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ ցոյցեր կատարեց:

Նախորդը

«ՄՕՏ ՕՐԷՆ ԿՐՆԱՆՔ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑԱԾ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԻՄԱԿԱՅԵԼ» ԿԸ ԳՐԷ «ՆԻՒԶՈՒԻՔ»

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։