Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեանի Շնորհաւորական Ուղերձը` Նոր Տարուան Առիթով

January 3, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5061_bՆոր տարուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ նշեց, որ անցնող տարին յագեցած էր բազում նախաձեռնութիւններով եւ իրադարձութիւններով, բայց անոնցմէ ամէնէն կարեւորը Հայաստանի տնտեսական վերելքին եւ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման միտուած խոր գիտակցուած աշխատանքն էր: «Մենք աւելի սերտացուցինք Հայաստանի տնտեսական քաղաքական եւ զինուորական համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ, իսկ յառաջիկայ տարի, վստահ եմ, պիտի դառնանք Մաքսային միութեան լիիրաւ անդամ: Հայաստան կը ստեղծէ նոր իրականութիւն, ուր պիտի ըլլայ աւելի պաշտպանուած եւ աւելի մրցունակ», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան շարունակեց եւ հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ բարեփոխումներու ճամբան: «Այստեղ մեր համագործակցութիւնը Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ ոչ միայն պիտի չթուլնայ, այլեւ պիտի խորանայ: Մեր նպատակը անփոփոխ է, եւ կ՛ուզենք, ի դէմս Հայաստանի, տեսնել արդիական պետութիւն` ամուր հասարակական յարաբերութիւններով եւ կայացած իրաւական համակարգով», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահը նկատել տուաւ, որ աւանդութեան համաձայն, բաժակ պիտի բարձրացնենք հայրենիքի զինուորներու համար, որոնք այս պահուն ցրտաշունչ լեռներուն մէջ կը հսկեն սահմաններուն, կը պաշտպանեն իրենց եւ մեր լեռները, կը պաշտպանեն իրենց եւ մեր երազները, կը պաշտպանեն յաղթանակած երկիրը եւ ազգային իղձերը:

«Կը շնորհաւորեմ նաեւ Արցախի եւ սփիւռքի մեր բոլոր հայրենակիցներուն: Առանձնայատուկ շնորհաւորանքներ կը յղեմ սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք կ՛անցնին ծանր փորձութիւններու մէջէն: Անոնց ցաւը բոլորիս ցաւն է: Այս տօնական օրը աղօթենք ու հաւատանք, որ վաղը` յառաջիկայ 2014 թուականին, անոնց կը սպասուի խաղաղութիւն եւ յաջողութիւն: Եւ անոնց երջանկութիւնը նոնյպէս պիտի ըլլայ բոլորին», եզրափակեց նախագահ Սարգսեան:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Պետութիւնը Քահանաներուն Ամսաթոշա՞կ Պիտի Յատկացնէ

Յաջորդը

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով. Նախագահ Սարգսեան Այցելեց Հայաստանի Պաշտպանութեան Յենակէտերէն Մէկը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.