Լաթվիա Նոր տարին նշեց միանալով Եւրոյի գօտիին, որուն մաս կազմող երկիրներուն թիւը այդպիսով բարձրացաւ 18-ի:
Լաթվիոյ վարչապետ Վալտիս Տոմպրովսքիս եւրոյի առաջին գանձումը կատարելով զայն ցոյց տուաւ լուսանկարիչներուն, մինչ անոր կողքին կը կանգնէր երկու տարի առաջ միացեալ դրամանիշը որդեգրած Էսթոնիոյ վարչապետ Անտրուս Անսիփ:
Պալթեան երրորդ երկիրը` Լիթուանիա կը յուսայ յառաջիկայ տարի իր կարգին միանալ Եւրոյի գօտիին:
Նշենք, որ ըստ հարցախոյզներու, Լաթվիոյ բնակչութեան գրեթէ կէսը իշխանութիւններուն այս որոշումին չ՛աջակցիր:
Լաթվիոյ բնակիչները կրնան երկրին ազգային դրամանիշ լաթը փոխանակել երկրի բոլոր դրամատուներուն մէջ(1 եւրոն 0.702804 լաթ է): Անվճար փոխանակման կարելիութիւնը պիտի տեւէ վեց ամիս:
Լաթվիական լաթը գոյութիւն ունէր 1993-էն ի վեր: 2004-ին Լաթվիան դարձաւ Եւրոպական Միութեան անդամ, որմէ ետք սկսան Եւրոյի գօտիին անդամակցութեան պատրաստութիւնները:
Լաթվիա Եւրոյի գօտիին մաս կը կազմէ, մինչ նշեալ գօտին տնտեսական մեծ տագնապ մը կը դիմագրաւէ, իսկ Եւրոպական Միութիւնը` իր յոռեգոյն տնտեսական անկումը:
Լաթվիա նշեալ գօտիին կը միանայ, մինչ եւրոն իր 15-ամեակը կը նշէ:
Եւրոն Պելճիքայի, Գերմանիոյ, Յունաստանի, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Իրլանտայի, Իտալիոյ, Լիւքսամպուրկի, Հոլանտայի, Փորթուկալի, Աւստրիոյ, Ֆինլանտայի, Սլովենիոյ, Կիպրոսի, Մալթայի, Սլովաքիոյ եւ Էսթոնիոյ միացեալ դրամանիշն է: Զայն կ՛օգտագործեն 333 միլիոն եւրոպացիներ:


