
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալա յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ շարունակուող «փտածութեան գայթակղութիւն»-ը, որ սկիզբ առած էր 17 դեկտեմբերի ձերբակալութիւններով, ուղղուած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան դէմ:
Ան յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ կան ուժեր, որոնք միաւորուած են ընդդէմ իշխող կուսակցութեան: Ալա նաեւ խոստացած է, որ շուտով պիտի բացայայտէ, թէ ո՛վ կը կանգնի այդ իրադարձութիւններուն ետին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին իսլամական կրօնական ղեկավար Ֆեթհիւլլա Կիւլենին կոչ ուղղեց` Թուրքիոյ ներկայ ճգնաժամը լուծելու համար թրքական կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախկին դաշնակից Կիւլեն Թուրքիոյ մէջ ազդեցիկ լոպիական խմբաւորումի մը` Հիզմեթ շարժումին ղեկավարն է: Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան եւ շարժումին միջեւ ընթացք առած վէճի լոյսին տակ, շատեր ստեղծուած ճգնաժամին համար մատնացոյց կ՛ընեն Կիւլենի շարժումը:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ «պէտք է երկխօսութիւն ծաւալենք` ֆիզիքական արգելքներու փոխարէն»` աւելցնելով, որ «այս տագնապէն դուրս գալու ուղի մը գոյութիւն ունի. երկխօսութիւն կատարենք… Այդ է պատճառը, որ Էրտողան Կիւլենը Թուրքիա հրաւիրեց»:


