Արեւմտեան Չինաստանի մէջ իշխանութիւնները երէկ յայտնեցին, որ ոստիկանութիւնը սպաննած է ութ «ահաբեկիչներ», որոնք դանակներով եւ պայթուցիկ նիւթերով զինուած յարձակում գործած են ոստիկաններու վրայ:
Քսինեանկի կառավարութեան պաշտօնական «Թիանշան» կայքէջը հաղորդեց, որ ինը անձերէ բաղկացած խմբակ մը յարձակում գործած է հռչակաւոր Մետաքսի ճամբուն վրայ գտնուող Քաշկար քաղաքին մօտ գտնուող Շաչէ գաւառին մէջ ոստիկաններու եւ ոստիկանական ինքնաշարժներու դէմ:
Կայքէջը նշեց, որ ոստիկանութիւնը «կտրուկ միջոցառումներ» որդեգրելով սպաննած է ութ հոգի եւ ձերբակալած մէկը:
Նշենք, որ Քսինեանկի մէջ 9 միլիոն թուրք ույղուրներ կը բնակին:


