Անցեալ ուրբաթ օր Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ 24 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած` Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին Մաքսային միութեան անդամ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի այն յայտարարութեան, թէ մինչ Հայաստանի` Մաքսային միութեան միանալու «ճամբու քարտէս»-ը ստորագրելը, ինք ունի յատուկ կարծիք, որ Մաքսային միութեան հետ ընդհանուր սահմանի հարցը բաց կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին չլուծուած ըլլալու պատճառով: Ըստ վարչապետ Սարգսեանի, Նուրսուլթան Նազարպայեւ հնչեցուցած է այդ հարցը եւ ստացած է Հայաստանի նախագահի յստակ պատասխանը, որ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ չեն կրնար մաքսակէտեր ըլլալ:
«Մենք համոզուած ենք, որ քաղաքական հարցերը կարելի չէ տեղափոխել Մաքսային միութիւն, քանի որ Մաքսային միութեան անդամակցումը տնտեսական գործառոյթ է, եւ այն «ճամբու քարտէս»-ը, որ ստորագրուած է, Մաքսային միութեան անդամ երկիրներուն կողմէ առարկութիւններու չէ արժանացած, մասնաւորաբար` Ղազախստանի կողմէ», ըսաւ վարչապետը:
Ըստ անոր, երբ Հայաստան կը ստորագրէր համաձայնագիրներ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան, ԱՊՀ երկիրներու հետ` ազատ առեւտուրի մարզին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չէ եղած խոչընդոտ ու քննարկման առարկայ:


