Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ուշադրութեան կեդրոնը կը շարունակեն մնալ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը եւ սուրիահայութեան ծանր կացութիւնը: Ըստ «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան, Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն տեղեկացուցած են, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը 100.000 տոլարի գումար յատկացուցած է Սուրիոյ տարածքին գործող բոլոր յարանուանական եւ միութենական հայկական դպրոցներու կարիքներուն համար:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերը Մայր աթոռին միջոցով պարբերաբար աջակցութիւն կը ցուցաբերեն սուրիահայութեան` յաղթահարելու դժուարին պայմանները:


